Հաւատալ ապագային

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ցնցու­մը ապ­րե­ցաւ՝ Կա­զիան­թէ­պէն հա­սած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման լու­րով։ Սահմռ­կե­ցու­ցիչ դէպ­քը ու­նե­ցաւ շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ. ա­ւե­լի քան յի­սուն զո­հեր։

Մեր եր­կի­րը դար­ձած է մէ­կէ ա­ւե­լի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու թի­րա­խը։ Թուր­քիան կ՚ու­զեն վե­րա­ծել ի­րենց հա­մար ա­նար­գել գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տի մը։ Բազ­մաբ­նոյթ տմար­դի ա­րարք­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու թի­ւը որ­քան որ ալ ա­ւել­նայ, ա­նոնց յար­ձա­կում­նե­րը որ­քան որ ալ դառ­նան տե­սա­կա­ւոր՝ հե­տե­ւանք­նե­րը միշտ կը մնան ան­փո­փոխ՝ ա­րիւն, ար­ցունք, ցաւ, ցնցում ու սուգ։ Բայց ինչ որ ալ ըլ­լայ, վեր­ջին հա­շուով, մեր եր­կի­րը անձ­նա­տուր պի­տի չըլ­լայ ա­հա­բեկ­չու­թեան։ Ան դա­տա­պար­տուած է ձա­խո­ղե­լու։

Կա­զիան­թէ­պի մէջ հար­սա­նե­կան հան­դի­սու­թիւն մը վե­րա­ծուե­ցաւ ող­բեր­գու­թեան։ Ըն­տա­նիք մը քան­դուե­ցաւ՝ տա­կա­ւին նոյ­նիսկ չկազ­մա­ւո­րուած։ Յար­ձակ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն ծանր կշի­ռը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը մեծց­նէ նաեւ ա­նէծ­քը։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վճռա­կա­մու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թեան ձգտումն ալ կը հաս­նին գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Տես­նուա՞ծ է, որ ժխտա­կան մղու­մը հաս­նի իր նպա­տա­կին։

Յու­լի­սի 15-էն ի վեր միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տը Թուր­քիոյ մէջ հա­սած է գա­գաթ­նա­կէ­տին, ինչ որ նման խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման գլխա­ւոր նա­խադ­րեալն է։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­հա­բեկ­չա­կան մութ լծակ­նե­րը կը ջա­նան եր­կի­րը ջլա­տել՝ Թուր­քիան զրկե­լու հա­մար միաս­նա­կա­նու­թեան մեծ ձեռք­բեր­ման բա­րի պտուղ­նե­րէն։ Ժո­ղո­վուր­դի եւ պե­տու­թեան ներ­կայ զօ­րակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ՝ այդ հա­շիւ­նե­րը դժուար թէ ար­դա­րա­նան։ Ա­րիւ­նա­լի տե­սա­րան­նե­րը երկ­րի անխ­տիր բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մօտ կու գայ ամ­րապն­դել այն գի­տակ­ցու­թիւ­նը, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը զգօն պէտք է ըլ­լայ՝ խնա­յե­լու հա­մար մեր երկ­րին ա­պա­գան։ Այդ փայ­լուն ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ պէտք է պահ­պա­նել հա­ւատքն ու վստա­հու­թիւ­նը։ Սա է դի­մադ­րու­թիւ­նը եւ սա է մե­ծա­գոյն պա­տի­ժը ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կ՚ու­զեն ի­րենց ռում­բե­րով եւ սպառ­նա­լիք­նե­րով գող­նալ Թուր­քիոյ ա­պա­գան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016