Կարեւոր ձեռքբերում
Գարակէօզեան Տան յարակից կառուցուած երկնաքերը խորհրդանշական կոթող մըն է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն համար վերջին տարիներուն կատարուած բարեփոխումներուն տեսակէտէ՝ որպէս շօշափելի արդիւնք։ Երէկուան դրութեամբ այդ համալիրէն ներս պաշտօնապէս գործել սկսաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին գրասենեակը։ Սա կարեւոր ձեռքբերում մըն է թէ՛ ամբողջ փոքրամասնութիւններուն եւ թէ՛ թրքահայութեան տեսակէտէ։
Մեր համայնքը ներկայիս երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներու շարքին խոշորագոյնն է իր քանակով։ Թէեւ համայնքներուն ներկայացուցիչները յառաջիկային հերթով պիտի ստանձնեն ներկայացուցչի պաշտօնը, սակայն թրքահայ հաստատութեան մը՝ Գարակէօզեան Տան սեփականութիւնը հանդիսացող երդիքի մը տակ անոր խարսխուած ըլլալը միշտ պիտի ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն։ Մեր համայնքի կշիռին տեսակէտէ կարեւոր քայլ մըն է այս մէկը։
Երբ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն առանցքով կատարուի հաշուեկշիռ մը, ապա արդիւնքը յուսադրիչ է։ Ցարդ կան լուծուած հարցեր ու տակաւին կը մնան լուծման կարօտ այլ խնդիրներ։ Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ աշխատանքին տեսակէտէ նպաստաւոր գետին մը ստեղծուի այս նոր գրասենեակով եւ անոր երդիքին տակ մթնոլորտ պատրաստուի դրական արդիւնքներու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ