Սամաթիոյ հետ ձիւնահալ
Համայնքային հրատապ օրակարգի մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն շփում մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ ընտանիքի եւ թերթիս խմբագրութեան միջեւ։ Միասին պատահաբար ներկայ գտնուեցանք հաւաքոյթի մը, որու միջավայրը յարմար առիթ ընձեռեց երկխօսութիւն մը հաստատելու։ Ծանօթ է, որ ամիսներէ ի վեր Սամաթիոյ ընտանիքին եւ թերթիս յարաբերութիւնները խզուած են՝ հունէ դուրս եկած ըլլալով փոխադարձ ծանր յայտարարութիւններով։ Այդ շփումը եղաւ մեր եւ Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէի միջեւ։ Անկեղծօրէն ըսենք, թէ մենք եղանք նախաձեռնողը՝ քանի որ այդ պահուն միջավայրը մեզի ներշնչեց այդ համարձակութիւնը։ Շուտով հաղորդ դարձաւ նաեւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։
Մեր հիմնական մղումը այն էր, որ այս համայնքի հնագոյն թերթն ու ամենահին եկեղեցիներէն մին պէտք է ունենան բնականոն յարաբերութիւններ ու պէտք է գտնուին համագործակցութեան մէջ։
Անկեղծ քննարկումի մը ձեւաչափին մէջ նկատի առինք բոլոր հարցերը, սեղանի վրայ դրինք մեր միջեւ ապրուած լարուածութեան բոլոր չափումները։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի իր գործակից ընկերները ջանացին ամրապնդել այն հասունութեան գետինը, որու վրայ իրարու ձեռք երկարեցինք բոլորս։ Արդիւնքին տեսանք՝ որ բոլորս ալ մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւններուն շուրջ թէեւ կը պահենք մեր տեսակէտները, սակայն պատրաստակամ ենք մեր յարաբերութիւնը վերականգնելու։ Զգալով իրարու զարկերակը, համոզուելով իրարու բարեացակամութեան մասին՝ որոշեցինք շրջանցել առկայ ցրտութիւնը ու թերթել այս ցաւոտ էջը։ Շինիչ գետին մը պատրաստելու ի խնդիր՝ բոլորս ալ ցաւ յայտնեցինք իրարու դէմ թոյլ տրուած խիստ արտայայտութիւններուն համար։ Անշուշտ, վերանորոգեցինք իրարու նկատմամբ յարգանքն ու մէկզմէկու հասարակութենէն ներս ունեցած վարկին վերաբերեալ նախանձախնդրութիւնը։ Վերջապէս համաձայնեցանք՝ որպէսզի մէկ կողմ թողունք թղթածրարին ծանր բեռը ու բանանք նոր էջ մը Սամաթիոյ ընտանիքի եւ թերթիս յարաբերութիւններուն մէջ։ Ուրախութիւն յայտնեցինք, որ այս ձիւնահալին շնորհիւ մեր համայնքի օրակարգէն դուրս կը մնայ տհաճ հարց մը։
Ուրեմն, այդ նոյն ուրախութիւնը այսօր, այս սիւնակին միջոցաւ կը բաժնենք մեր համայնքին հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ