Թրքահայ մամուլի ներուժը ինչպէ՞ս կ՚օգտագործուի…

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի համայնապատկերը բաւական գունատած է միջոցէ մը ի վեր։ Համայնքը կաթուածահարման եզրին հասած է՝ վաղուց կուտակուած խնդիրներու ծանր հետեւանքներով։ Կարելի չ՚ըլլար իր ներուժը ազդու ձեւով օգտագործել, ինչ որ լճացումը կը խորացնէ։ Առաւելութիւնները կը մնան ստուերի տակ, իսկ թերութիւնները այն աստիճանի հասած են, որ գրաւի տակ կը պահեն ապագան։ Առաւել խնդրայարոյց է, որ ընդհանրապէս բոլոր հարցերուն լուծումը նիւթականէ կախեալ կը համարուի։ Այս մտայնութիւնը կ՚ամլացնէ լուծման որոնումները։ Անշուշտ, երազել պէտք չէ, առանց նիւթականի անկարելի է քայլ առնել, սակայն տեսլականի բացակայութիւնը այժմ մտայնութեան մեծ հարցի մը վերածուած է։ Այդ պակասը կը խոչընդոտէ նաեւ՝ նիւթական միջոցներ ճարելու համար հասարակաց յայտարարի մը վրայ համախմբումը, ուժերու կեդրոնացումը։

*

Այս վերջերս, «Հայթերթ» կայքէջի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մամուլին վերաբերեալ առցանց քննարկում մը, որուն հրաւիրուած էինք նաեւ մենք։ Հեռավար քննարկումը առաջնորդեցին՝ «Հայթերթ»ի պատասխանատուներէն Այտա Էրպալ (Նիւ Նորք) եւ Թամար Քարասու։ Բացի մեր պաշտօնակից «Մարմարա»ի հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանէն, միւս ատենախօսներն էին «Ափոեւմաթինի» յունարէն թերթի գլխաւոր խմբագիր Միխալ Վասիլիատիս եւ հրեայ համայնքի «Շալոմ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Իւօ Մոլինաս։ Ակամայ չկարողացան մասնակցիլ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ «Իխօ» յունարէն թերթի գլխաւոր խմբագիր Անտրէա Ռոմպոփուլոս։ Առցանց ձեռնարկը տեւեց աւելի քան երկու ժամ, մանրամասնօրէն ծեծուեցան փոքրամասնական մամուլի հարցերը, շօշափուեցան անոնց գործունէութեան զանազան երեսակները։ Երկարաշունչ ծրագիր մըն էր, թէեւ հաղորդավարներու կողմէ նախատեսուած օրակարգը լրիւ սպառել կարելի չեղաւ։

*

Այս քննարկումը եկաւ վերահաստատել այն տեսութիւնը, թէ մամուլը հասարակութեան հայելին է։ Արդարեւ, թերթերու մասին խօսելու ժամանակ ինքնաբերաբար ի յայտ եկան տուեալ փոքրամասնական հաւաքականութեան կեանքին զանազան ծալքերը։ Սա արդէն անխուսափելի էր տրամաբանականօրէն։ Բնականաբար, համայնքներու միջեւ համեմետութիւններ ընելու պէտք չկայ, որովհետեւ բոլորը ունին իրենց ուրոյն պայմանները։ Հեռավար ծրագրի ընթացքին մենք դիտարկեցինք, որ թրքահայ մամուլը շատ աւելի մօտ է արհեստավարժութեան սահմանին։ Մեր մամուլը շատ աւելի լուրջ գործօն մըն է համայնքային կեանքէն ներս։ Մեր թերթերը շատ աւելի ազդու դերակատարութիւն ունին յաչս ոչ-համայնքային շրջանակներուն։ Եւ ի վերջոյ շատ աւելի բարձր է անոնց ներկայացուցչական հանգամանքը, հաւաքական կարծիք ձեւաւորելու տարողութիւնը եւ հանրութիւնը շարժման անցընելու հնարաւորութիւնը։ Այս բոլորը, անշուշտ, յարաբերականութեան մէջ են ու կրկնենք, որ այստեղ անիմաստ մրցակցութեան մը մղումով չեն մատնանշուած։ Միայն կայ հարցում մը։

Թրքահայ իրականութեան առկայ անելին մէջ արդեօք լիարժէք կ՚օգտագործուի՞ մամուլին ներուժը...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021