Երկու կիրակի վերջ
Երկու կիրակի վերջ նախատեսուած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը։ Միայն երկու կիրակի… Համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի երթան՝ նոր թաղականները ընտրելու համար։
Օրակարգի բոլոր հրատապ հարցերով ու անոնցմէ ծագած բոլոր մտահոգութիւններով հանդերձ, այս ընտրութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, բնականաբար, անուշադրութեան չ՚ենթարկուիր։ Համայնքը անմիջական հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Ընտրական մարմնի գործունէութեան եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ընդհանուր համոզում մը կայ՝ Պէյօղլուի ընտրութեան բախտորոշ բնոյթին, կարեւոր նշանակութեան շուրջ։
Այս համայնապատկերին վրայ արդէն ի յայտ եկած են թեկնածուներու վեց խումբեր, որոնցմէ մին յառաջիկային պիտի ստանձնէ թաղային խորհուրդին ղեկը։ Առաջին հայեացքով թէեւ լաւ է այս ճոխութիւնը, համայնքը կ՚ունենայ այլընտրանքներ, սակայն աւելի երկարաժամկէտ նպատակներն ալ պէտք չէ անտեսուին։ Եթէ չհաշուենք թաղային խորհուրդի այժմու ատենապետին գլխաւորած ցուցակը, ապա Պէյօղլուի համար կայ ընդդիմադիր հինգ ցուցակ։ Ընտրութեան յետաձգումէն առաջ ձեւաւորուած խմբաւորումները անցած են ձեւափոխութիւններէ։ Արդէն նոր խմորումներ եղած են եւ անոնց հիման վրայ ներկայ վիճակը ստացած է վերջնական ձեւը։ Բոլոր ցանկերուն մէջ ալ կան արժէքաւոր, յայտնի դէմքեր՝ համակրանքի կամ հակակրանքի պարագաներէ դուրս։
Այժմու պայմաններով կարելի է ըսել, որ համայնքային շրջանակները լաւ չեն օգտագործած Պէյօղլուի ընտրութեան յետաձգումէն վերջ ստեղծուած հնարաւորութիւնը։ Անշուշտ, նախաձեռնելու իրաւունքը կամ թեկնածու ներկայանալու ազատութիւնը անվիճելիօրէն կարեւոր սկզբունքներ են։ Միւս կողմէ, առկայ պատկերը հերթական անգամ կու գայ ապացուցանել, որ համայնքի ներքին կազմակերպման մակարդակը չափազանց ցած է։ Այն աստիճան տկար է, որ կը հասնի կաթուածահարութեան եզրին։ Արդարեւ, հաւաքականութեան մը մէջ իրաւունքներն ու ազատութիւնները կրնան նպատակասլաց օգտագործուիլ՝ միայն եթէ գործեն առողջ մեքանիզմներ։ Ո՞վ կրնայ ըսել, որ այսօր ամուր անգիր օրէնքներ կը գործեն թրքահայ կեանքէն ներս։
Մանրամասնե՞նք… Տարիներէ ի վեր համատարած դժգոհութիւն գոյութիւն ունի այժմու թաղային խորհուրդէն։ Այս մէկուն տրամաբանական շարունակութիւնը պէտք է ըլլար ընտրութեան ժամանակ առաւելագոյն համախմբումը, ուժերու միացումը։ Սա այնքան տրամաբանական եւ սպասելի էր, որ յաւելեալ ապացոյցի կարիք չկայ՝ բաւարար է միայն յիշել ընտրութեան յետաձգումէն առաջ այժմու թաղային խորհուրդին փորձած եզրերը՝ իր իսկ նշանակած ընտրական մարմնին միջոցաւ։ Հապա՞ ընտրութեան յետաձգումէն վերջ, հապա՞ այսօր… Այսօրուան իրադրութիւնը կարելի՞ է նկատել՝ այժմու թաղային խորհուրդէն համատարած դժգոհութեան տրամաբանական շարունակութիւնը։ Ընդդիմադիր ցուցակներու ճոխութիւնը այսօր այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած է, որ այժմու վարչախումբը կրնայ իր իշխանութիւնը վերարտադրել։ Այստեղ հարցը անձեր կամ խումբեր թիրախաւորելու, զանոնք դրուատելու կամ վատաբանելու չի վերաբերիր։ Բո՛ւն հարցը այն է, որ այս համայնքին մէջ չկայ հեղինակութիւն մը կամ չկան հեղինակութիւններ, որոնք ճակատագրական պահուն կրնան իրենց կշիռը օգտագործելով՝ համախմբման գործօն դառնալ եւ իրադարձութիւնները դնել նպատակասլաց հունի մը մէջ։ Հետեւանքը արդէն պարզ է. այս համայնքը կը ջանայ իր ամենակենսական հարցերը լուծել ո՛չ թէ համախմբուելով, այլ պառակտուելով։
Մէկուկէս տասնամեակի ընդհատումէ վերջ համայնքէն ներս տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւններուն արդիւնքը եկած է վերահաստատել այս տխուր ճշմարտութիւնը։ Այժմէն պարզ է, որ Պէյօղլուի պարագան ալ բացառութիւն մը պիտի չըլլայ։
Այս բոլորի լոյսին տակ կը մերկանայ նաեւ այլ ճշմարտութիւն մը։ Կառավարման տկարութիւնները կամ թերութիւնները հնարաւորինս հաւասարակշռելու համար կայ միակ ազդակ մը. հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։ Այսինքն, առկայ պայմաններով՝ բազմապատիկ աւելի մեծ պիտի ըլլայ պատասխանատուութիւնը այն անհատ ընտրողներուն վրայ, որոնք մարտի 12-ին քուէատուփի մօտ պիտի երթան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար, որուն ընդառաջ կայ իրաւական առողջ գետին մը։ Ընտրական մարմինը, միանշանակ, կը գործէ յաջող եւ ամէն ինչը յառաջ կը տանի գրեթէ կատարեալ։ Պատրաստութիւնները թափանցիկ են, օրինական եւ բոլոր նախադրեալները ստեղծուած են արդար ընտրութիւններու համար։ Այսինքն, որեւէ պատճառ գոյութիւն չունի ընտրական համակարգէն կասկածելու համար։ Ի վերջոյ, հաւաքական կամքի ազատ դրսեւորումը երաշխաւորուած է առաւելագոյնս։ Կը մնայ վստահիլ համայնքին ու յարգել անոր կամքը։
Գալով հաւանականութիւններուն կամ հաշուարկներուն։ Այո՛, կարելի է, անշուշտ, ենթադրութիւններ ընել՝ հաշուի առնելով համայնքի ներկայ լծակները, ճամբարները, իրերու ընդհանուր դրուածքը եւ անոնց ուժային յարաբերակցութիւնը։ Այս բոլորը կան, բայց այս բոլորը բաւարար չեն եղած համայնքը նպատակասլաց ուղղորդելու եւ նախընտրական գործընթացը շահապաշտ (փրակմաթիք) ձեւով յառաջ տանելու համար։ Ուրեմն, կանխաւ կարելի չէ նաեւ ակնկալել, որ առկայ ուժերու յարաբերակցութիւնն ու իրերու դրուածքը պայմանաւորեն ընտրութեան արդիւնքը։
Թէեւ չի բացառուիր, որ պայմանաւորեն, սակայն անակնկալի պէտք չէ մատնուիլ՝ եթէ համայնքի կամքը դրսեւորուի կաղապարներէ դուրս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ