Շիրինօղլուի գործօնը

Համայնքային կեանքի առկայ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ, Պետրոս Շիրինօղլու վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Անցեալ տարուան սկիզբին, Յունուարին, Շիրինօղլու դարձեալ ընդունուած էր Պեշթեփէի մէջ։ Գրեթէ տարի մը անց իրեն դարձեալ ընձեռուեցաւ պետութեան գլխաւորին հետ հանդիպելու հնարաւորութիւնը։ Սա եղաւ ձեւով մը տարեմուտի ամփոփումը։

Անցեալ տարուան եւ այս տարեմուտի երկու տեսակցութիւններուն միջեւ կան տարբերութիւններ եւ նմանութիւններ։ Հիմնական նմանութիւնը այն է, որ երկու հանդիպումներուն ալ ներկայ եղած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Էրթէմ։ Երկու հանդիպումներու բովանդակութեան պարագային պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդուեցաւ։ Երկու հանդիպումներու պարագային ալ հանրային կարծիքը լուսաբանելու գործը վստահուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Գալով տարբերութիւններուն...

Անցեալ տարի նախագահական պալատի աղբիւրները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ Էրտողան պիտի հիւրընկալէր Շիրինօղլուն եւ հանդիպումէն վերջ թողարկած էին լուսանկարներ։ Այս տարի համալիրը նախընտրեց լուռ մնալ։ Անցեալ տարի Շիրինօղլու առանձին էր, իսկ այս տարի Էրտողանի հետ զրոյցի ընթացքին ունէր ընկերակից մը. յանձին՝ Հերման Պալեանի։ Այս տարի նախագահի կողքին էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուն։ Անցեալ տարի Շիրինօղլու Անգարայէ անմիջապէս վերադարձին, փութով իրազեկեց համայնքային մամուլը, իսկ այս տարի նախընտրեց որոշ ատեն մը սպասել։ Նախագահին հետ իր ունեցած այս վերջին հանդիպումը արդէն որոշ չափով արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս եւ ան նպատակայարմար դատած էր տակաւին նոր անդրադառնալ խօսակցութեան բովանդակութեան։ Եթէ անցեալ տարի Շիրինօղլու Էրտողանի հետ ունեցած զրոյցի բոլոր մանրամասնութիւնները, առանց նիւթերու խտրականութեան, բաժնած էր համայնքային մամուլին հետ, ապա այս տարի նախընտրեց սահմանափակուիլ բացառապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերաբերեալ երեսակներով։

Այս բաղդատութիւնները ունի՞ն նշանակութիւն մը, թէ ոչ՝ կը յստականայ ժամանակի ընթացքին։ Այս համեմատութեան իմաստը բիւրեղացնելու համար պէտք է ընել նաեւ յիշողութեան արագ թարմացում մը։ Էրտողանի եւ Շիրինօղլուի տարեմուտեան այս երկու տեսակցութիւններու արանքին ինչե՞ր ապրուեցան, ինչե՞ր տեղի ունեցան մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Ի՞նչ պատգամներ փոխանցուեցան, պատգամաբերները ի՞նչ վերաբերմունք ունեցան, համայնքէն ներս այդ պատգամները ի՞նչ արձագանգ ունեցան եւ պատգամաբերներուն նկատմամբ ի՞նչ եղաւ համայնքին վերաբերմունքը։ Եւ տակաւին հաշուի պէտք է առնել, որ այս համայնքին մէջ կան ոմանք, որոնք ժամադրութեան համար նախագահական պալատին դուռը կը մաշեցնեն, մինչ Շիրինօղլու գրեթէ կանոնաւոր պարբերութեամբ կը շփուի պետութեան գլխաւորին ու աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ։

Այս բոլորի հաւասարակշռութեան մէջ ի յայտ կու գայ հիմնական հանգամանք մը։ Մեր համայնքը առկայ տագնապալի կացութիւնը յաղթահարելու համար պէտք է անպայման առաւելութեան մը վերածէ Պետրոս Շիրինօղլուի գործօնը։ Այլապէս, մեր դիմագրաւած անցումային շրջանները տակաւին շատ մրցանիշներ կ՚արձանագրեն։ Ինչո՞ւ մսխել հնարաւորութիւնները։

Սպասենք, տեսնենք...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018