Յիշեցում

Սփիւռքի տեսակէտէ որքա՜ն տխուր եւ վրդովեցուցիչ է՝ տարեսկիզբի տրամադրութիւններով տեսնել, թէ Հայաստանի մէջ Հանրային հեռուստակայանին կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը զրկուի ձայնի իրաւունքէ։ Հեռուստակայանը մերժած է Ամանորի գիշերը հեռարձակել Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Գայթակղութի՜ւն, միանշանակ…

Մաշած կաղապարներու, սպառած լոզունգներու եւ նեղ շրջանակի ճղճիմ հաշիւներու խօսակցութիւններէն հեռու, առանց անոնց յանձնուելու կամ գործիքը դառնալու՝ ի՞նչ է հարցը եւ ինչո՞վ կը բացատրուի այս տագնապը, որ դիտումնաւոր հրահրուած է, ակնյայտօրէն։ Խօսքի կամ խղճի ազատութեան մասին խորհրդածելը իմաստ չունի՝ քանի արար աշխարհ գիտէ, թէ իւրաքանչիւր իշխանութիւն ամէն տեսակ ազատութիւն կը վերապահէ միայն իր իւրայիններուն եւ ըստ իր հաշիւներուն։ Միջազգային դերակատար ըսուածներն ալ կը դիրքաւորուին նոյն տրամաբանութեամբ։ Առ երեւոյթ բոլորը կ՚ըսեն, թէ մարդու իրաւանց հարցերը մերօրեայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ դադրած են ներքին խնդիր համարուելէ։ Բայց, երբ որ խախտում մը ըլլայ, ապա բոլորը ուշադիր կը նային։ Եթէ խախտումը կատարած իշխանութիւնը նպաստաւոր չէ իրենց համար, ապա կը պախարակեն, իսկ եթէ նպաստաւոր է, ապա կ՚արդարացնեն։ Հարցը երբեմն հնարամտութեան այնպիսի համեմատութիւններու կրնայ հասնիլ, որ անոնք կրնան արդարացնելով հանդերձ՝ այդպէս չըրած ալ ձեւացնել։ Հակասութի՞ւն, որո՞ւն հոգը, անցնինք…

Հայոց պետականութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է։ Պատճառը որեւէ իշխանութեան մէջ պէտք չէ փնտռել. բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին համոզուելու համար, թէ համատարած ստրկամտութեան պայմաններուն ներքեւ արդէն անկարելի էր անկախ պետականութիւնը իւրացնել՝ որպէս համընդհանուր, համազգային արժէք։ Մեծ-մեծ խօսելու պէտք չկայ, իրադարձութիւններու շարունակութիւնը շուտով կ՚երեւի։

Հաւաքականութիւն մը աղէտի շեմին, անդունդի եզրին չի հասնիր առանց անգիր օրէնքները ինքնակամ խախտելու։ Այս տարեմուտի ցաւալի դէպքը հերթական անգամ կու գայ ապացուցանել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին բաժնելով տիրել կամ պարտաւոր են այդպէս գործելու։ Անկեղծ չեն՝ համազգային համախմբման կամ զօրակցութեան ձգտելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները։ Սո՞ւտ, որո՞ւն հոգը, անցնինք…

Միայն կայ պարագայ մը, զոր պէտք է հաշուի առնեն բոլոր ժամանակներու, բոլոր տեսակի իշխանութիւնները՝ նոյնիսկ եթէ ձախողած չըլլան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հայ ժողովուրդի հաւաքական խիղճը կ՚արտայայտէ։ Իշխանութիւնը վաղ թէ ուշ անցաւոր է՝ որքան որ ալ իշխանաւորին թուի անժամանակ, իսկ բո՛ւն յաւերժականն է հաւաքական խղճին դատաստանը։ Օր մը բոլորը կրնան հաւաքական իմաստութեան եւ արդարամտութեան կարիքն զգալ եւ այդ օրը կրնան իշխանութիւն չունենալ քաղաքական աճպարարութիւններու համար։ Հեռատեսութի՞ւն, որո՞ւն հոգը, անցնինք…

Պարզապէս լուսանցքային յիշեցում մը…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024