ՆԵՐԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը պատրաստուի մեկնիլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Երէկ, յետմիջօրէի ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Նորին Սրբազնութեան հետ, որ կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ։ Ընտրեալ-տեղապահը Գերմանիայէն մեզի յայտնեց, որ մէկ-երկու օրուան ընթացքին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր միջոց մը մնալէ վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւոր մանրամասնութիւններ չհաղորդեց իր ծրագրին կամ նախատեսած շը-փումներուն շուրջ, սակայն Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղ-ծըւած առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ կարելի է հետեւցնել, որ ան ներեկեղեցական հարթութեան վրայ արժեւորում մը պիտի կատարէ՝ յստակեցնելու համար մօտաւոր ապագայի իր ռազմավարութիւնը։ Ենթադրելի է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի տեսակցի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ 15 Մարտին տեղի ունեցած Եկեղեցականաց համագումարէն եւ տեղապահի ընտրութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցած էր իր օրհնութիւնը Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին եւ Ս. Զատկի պատգամին մէջ ալ նշած՝ իր անունը։ Այս բոլորէն վերջ ընտրեալ-տեղապահը առաջին անգամ երես-երեսի տեսակցելու հնարաւութիւն պիտի ունենայ Նորին Սրբութեան հետ։ Ըստ երեւոյթին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գլուխ-գլուխի քննարկում մը պիտի ունենան՝ ամփոփելու համար վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները։ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ նախատեսուած այս խորհրդակցութիւններէն վերջ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա, ուր նախատեսուած է ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանները երբեմն կը կազմակերպուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ դուրս։ Նման առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Արցախի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Նիւ Եորքի մէջ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հիւրընկալմամբ։ Այս անգամ ալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանը Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսաստանի Հայոց Թեմի հիւրընկալմամբ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան արդէն ԳՀԽ-ի անդամ է՝ որպէս Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ։ Իսկ այս անգամ ան նստաշրջանին պիտի մասնակցի որպէս Պոլսոյ Աթոռի ընտրեալ-տեղապահ։ Միջանկեալ նշենք, որ երէկ Գումգաբուի աղբիւրներէն տեղեկացանք, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մօտաւոր ապագայի ժամանակացոյցին վրայ չէ նախատեսուած այցելութիւն մը դէպի Մոսկուա կամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ մասնակցութիւն՝ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին։ Սա կը նշանակէ, որ եթէ վերջին պահուն որեւէ նորութիւն կամ փոփոխութիւն չըլլայ՝ ապա ԳՀԽ-ի ժողովին ընթացքին Պոլսոյ Աթոռի միակ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Դժուար չէ ենթադրել, որ առկայ պայմաններուն ներքեւ Պոլսոյ Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապը օրակարգի վրայ գայ նաեւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ընթացքին եւ այդ հարթութեան վրայ այս փուլին հաւանաբար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ըլլայ Պոլսոյ Աթոռին անունով միակ ներկայացուցիչը։
Ընտրեալ-տեղապահի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան ընդառաջ, երէկ, հայաստանեան կարգ մը կայքէջերու մօտ շրջանառութեան մէջ մտան իր հրաժարականի հաւանականութեան վերաբերեալ լուրեր։ Մասնաւորապէս «Հայ Ձայն» կայքէջը արձագանգ հանդիսացաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այն խօսքերուն, թէ եթէ դրական նշաններ չըլլան, ապա կրնայ տալ հրաժարական։ Յիշեալ աղբիւրին տուած կարճ հարցազրոյցին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուած էր, որ խնդրին ելքը կը գտնուի Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը։ Իրեն հարց տրուած է նաեւ, թէ ե՞րբ Պոլսոյ Պատրիարքարանը հաստատուելու մտադրութիւն ունի։ Ի պատասխան ան ըսած է հետեւեալը. «Ճիշդը՝ ես ալ չեմ գիտեր, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ վիճակը բաւական խառն է։ Ամէն բան կախեալ է կառավարութեան որոշումէն»։ Նորին Սրբազնութիւնը աւելցուցած է նաեւ, թէ կառավարական մարմիններու հետ խօսակցութիւններ յառաջ կը տարուին։ «Նախքան տեղապահ ընտրուիլս չէի ենթադրեր, որ նման կացութեան առջեւ պիտի յայտնուիմ եւ այսօր եթէ որոշ կողմերու կառավարական մարմիններու հետ շփումները դրական արդիւնքի մը չյանգին, ապա ես կրնամ իմ հրաժարականս տալ», ընդգծած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Երէկուան մեր հեռախօսազրոյցին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին մասնաւորապէս յիշեցուցինք այս յայտարարութիւնները ու խնդրեցինք յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Ան մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Խօսքի մէջ ունեցայ այդպիսի արտայայտութիւն մը, ըսի՝ որ եթէ պէտք ըլլայ, կրնամ հրաժայիլ, բայց այդպիսի բան մը չկայ»։
Ընտրեալ-տեղապահը մեր հեռախօսազրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի պատգամի բովանդակութեան մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը։ «Լաւ է, որ այսպիսի պատգամ մը հրապարակուած է։ Անցեալ տարի ալ եղած էր նոյնը, այս տարի ալ եղաւ։ Գալով պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձին՝ այդ ալ լաւ է, տեսնենք արդիւնքները ի՞նչ պիտի ըլլան», եզրափակեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ