2025-ի այգաբացը՝ հայութեան համար բարդ հաշուարկներու նոր շրջափուլ…

Հազարամեակներու հոլովոյթին մէջ մարտահրաւէրները անպակաս եղած են հայութեան կեանքէն։ Թէեւ բոլոր ազգերու պարագային կարելի է նոյնն ըսել, սակայն, հայութեան հոգեբանութեան կամ գիտակցութեան մէջ պարագան այնպէս մը իւրացուած է, որ իրեն միշտ բաժին վիճակած է առաւելագոյնը, ծանրածանր բոլոր հետեւանքներով։ Բոլոր ժամանակաշրջանները, անշուշտ, ունեցած են տարբեր բնոյթով մարտահրաւէրներ եւ ճիշդ չ՚ըլլար մերօրեայ ակնոցով յետադարձ հայեացքը՝ արժեւորումներու կամ եզրակացութիւններու յանգելու տեսակէտէ։

Հայութեան պարագային քիչ թէ շատ առարկայական հաշուեկշիռը՝ առանց պատմագիտութեան մէջ խորանալու, ցոյց կու տայ հետեւեալը. բոլոր ժամանակներու դժուարութիւններու յաղթահարման չափանիշը եղած է զուտ յարատեւութիւնը։ Սա ունի իր տրամաբանական հիմնաւորումը։ Եթէ վերյիշենք, որ զանազան ժամանակներու գերհզօրներ դարերու հետ սահած-գացած են պատմութեան թատերաբեմէն, ապա հայութեան պարագային անանտեսելի է յարատեւութեան յաջողութիւնը։ Սա պէտք չէ դիտարկել ռէէլ-փոլիթիք տեսանկիւնէ, այլ պէտք է ընկալել՝ որպէս պարզապէս հաւաքական հոգեբանութեան կամ գիտակցութեան մէջ տեղ գտած հանգամանք մը։ Իսկապէ՞ս տոկունութիւն կամ տոկուն զգալու, նաեւ ձեւացնելու ազդակ մը… Ինչ որ է, իմաստ չունի խնդիրները մատուցել՝ սուր դրուածքով ու բացարձակապաշտութեամբ։ Յարատեւելու ներուժը հարցաքննել անիմաստ է՝ մանաւանդ, որ այժմ այդ առումով դարձեալ վրայ հասած է ճակատագրական պահ մը, որուն արձագանգելը հերթական փորձաքարն է, անվիճելիօրէն։ Յիշողութեան թարմացումը պէտք է ամփոփել՝ արձանագրելով նաեւ հետեւեալը.

Հայութեան յարատեւումը միշտ ուղղորդուած է՝ հիւծումով, մաշեցումով, կորուստով ու տկարացումով։ Այստեղ յարաբերական հարց կամ պարագայ գրեթէ չկայ։ Արդի աշխարհի բոլոր ազգերը, պետութիւնները կամ հաւաքականութիւնները ունին սեփական փորձառութիւն, որ նուազ կարեւոր չէ։ Պատմութեան ելեւէջները կը նմանին տեղատուութեան եւ մակընթացութեան։ Ելքի, վերելքի շրջանին պիտի կուտակես, որ վայրէջքի շրջանին այդ կուտակածովդ դիմադրես՝ մինչեւ որ փոխուին ժամանակները եւ այսպէս շարունակ։ Հայութիւնը վերելքի շրջաններուն գրեթէ ոչինչ կուտակած է՝ վատ ժամանակներուն դիմակայելու համար։ Վերելքի պահերը եղած են անհամեմատ կարճ ու անարդիւնաւէտ՝ բնորոշուելով լոկ վերապրումով։

Եւ այսպէս, հայութեան վերջին շրջանի տագնապալի տարեմուտերու շղթային վրայ կու գայ նոր օղակ մը աւելնալ 2025-ի այգաբացին։ Մռայլ համայնապատկերի մը վրայ կը թերթուի օրացոյցի վերջին էջը, որու յաջորդածին վրայ ալ առաջին հերթին հարցականներն են… Աշխարհացրիւ հայութիւնը արիւնահոսութեան մատնուած է եւ այս պարագան, ափսո՜ս կ՚ահագնանայ։ Միջազգային օրակարգի գրեթէ բոլոր թէժ կէտերուն վրայ կը տուժեն հայերը, բաւարար է յիշել Մերձաւոր Արեւելքը։ Այդքանով սահմանափակուած չէ պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած հայութիւնը. չմոռնալ Ուքրայնան եւ Ռուսաստանը, ուր կը հաշուըւին միլիոններով։ Հարցերը այն աստիճանի հասած են, որ այս բոլորին քով կարծես մոռցուած ըլլային՝ տնտեսական տագնապները, ուծացման հարցերը եւ տակաւին աշխարհի զանազան անկիւններուն անտէր մնացած հարստութիւնները, որոնց արժեւորումը կրնար բախտորոշ նշանակութիւն ունանալ ազգին համար։

Այս շարքէն դիտումնաւոր դուրս թողուած ըլլալը, ինքնաբերաբար, պահ մը կրնայ ստեղծել Հայաստանի շրջանցման տպաւորութիւն, բայց, անշուշտ, ո՛չ եւ ընդհակառակն։ Պատմութեան ընթացքին հայութիւնը մարտահրաւէրներու մեծամասնութիւնը դիմագրաւած է՝ առանց ազգային պետութեան մը գոյութեան։ Տակաւին եղած են նաեւ մարտահրաւէրներ, որոնց թիրախը եղած է պետականութեան խնայումը։ Յամենայնդէպս, մերօրեայ կացութիւնը կը պարփակէ երկու պարագան նոյնաժամանակ։ Մէկ կողմէ, հայութիւնը պայքար կը մղէ՝ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւնը անդունդի եզրէն փրկելու համար։ Միւս կողմէ, համաշխարհային տագնապներու ծանր ազդեցութեան ենթարկուած հայերը կ՚ակնկալեն համազգային զօրակցութիւն մը, որ իրատես ըլլալ չի թուիր։ Աւելի՛ն, եթէ լիարժէք կայացած պետութիւն մը գոյութիւն ունենար, հայութիւնը կրնար աւելի ազդու զօրակցութեան շարժումներ կազմակերպել։ Պարզ խօսքով՝ Հայաստանն ու սփիւռքը ո՛չ իրարու եւ ո՛չ ալ իրենք իրենց համար խէր ունին այս պահուն, ափսո՜ս։ Ըստ էութեան, ափսոսանքի բուն պատճառն է, որ առկայ վիճակը հետզհետէ գրաւի տակ առնել սկսած է ապագան։

Յուսահատութիւնը կամ ընդվզումը չեն կրնար փոխել առկայ ընթացքը։ Արդի պատմութեան ժամանակներուն, հայութիւնը միշտ կ՚երազէր ունենալ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետականութիւն մը՝ իր բոլոր խնդիրներու երկարաժամկէտ, ապահով ու հաստատութենական լուծման ակնկալութեամբ։ Այդ երազը աւելի քան երեսուն տարի առաջ իրականացաւ, բայց, սպասումները չարդարացան։ Կ՚երեւի հայութեան հարցերը այն աստիճան կուտակուած էին, որ պետութեան ներուժը բաւարար չեղաւ այս կարճ ժամանակահատուածին բոլորը լուծել։ Պետութիւն մը ունենալու հնարաւորութիւնը ճիշդ չընկալուեցաւ ու նպատակասլաց չօգտագործուեցաւ։ Պետականութեան վերահաստատումը հայութեան աչքին վերածուեցաւ՝ մե՜ծ հանգստութեան մը զգացումը առթած երեւոյթ։ Մինչդեռ, պետութիւնը պարզապէս նախադրեալ մը չէ՞։ Հայութիւնը չկարողացաւ հաւասարակշռութեան մը մէջ պատկերացնել, թէ պետութիւն ունենալ կը նշանակէ մէկ կողմէ, այո՛, հանգստութիւն, իսկ միւս կողմէ հանապազօրեայ, յարատեւ ու շարունակական տագնապ։ Պետութիւնը մեծ մեքենայ մըն է, որ բոլոր ուղղութիւններով վարկածներու հաշուարկներ կ՚ընէ, բոլոր հաւանականութիւնները մաղէ կ՚անցընէ, այդ բոլորը կ՚ընէ չոր մեքենայականութեամբ եւ կը կողմնորոշուի՝ ըստ առարկայական արդիւնքին կամ հետեւանքին, որպէսզի թէ՛ ինքզինքը խնայէ եւ թէ իր հպատակները, քաղաքացիները եւ կամ անոնք, որոնք յոյս կը դնեն իր վրայ։

2025-ի արշալոյսը բարդ ու պատասխանատու հաշուարկներու փուլ մը կը բանայ հայութեան առջեւ։ Մերօրեայ մարտահրաւէրները տակաւին պատմութիւն չեն դարձած, որպէսզի յանձնուին պատմաբաններու դատին կամ դրուին պատմագիտութեան կշիռքին վրայ։ Անոնք իւրաքանչիւր հայու խղճին վրայ են։ Կը բանի՞ այդ խիղճը կամ ոչ. դժուար է ենթադրել։ Անոր արձագանգը կարելի է չափել միայն ու միայն միասնականութեան մակարդակի ամրապնդումով. բան մը, որ լոզունգի վերածուած է ամէն ինչէ աւելի՝ հակառակ իր նախախնամական նշանակութեան։ Հայը պիտի գիտնայ, որ եթէ ազգակիցը չսիրէ ու ազգակցին հետ դաշնակից չդառնայ, ապա Աստուած երբեք իրեն պիտի չհասնի։

Հուսկ, Ամանորի մաղթանք. «Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ ազգիս հայոց…»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024