Ճկուն եւ արդար լուծում
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ երէկ սկսաւ կարեւոր երկխօսութիւն մը։ Եկեղեցական համագումարէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին տեղի ունեցան բազմաթիւ բարդ իրադարձութիւններ, յայտարարուեցան իրերամերժ դիրքեր ու կատարուեցան հակադիր յայտարարութիւններ։ Այս բոլորը մէկ կողմէ ստեղծեցին մեծ պղտորութիւն մը, միւս կողմէ ալ պատրաստեցին երէկուան տեսակցութեան ենթագետինը։ Հիմա երկու սրբազանները ձեռնարկած են առկայ համայնապատկերի առարկայական վերլուծութեան։ Երէկ ծաւալուն քննարկումներ տեղի ունեցան Պատրիարքարանի մէջ։ Այս օրերուն աշխատանքը կը շարունակուի։ Երէկուան՝ առաջին փուլի քննարկումներէն վերջ երկու սրբազանները յանգած են այն եզրակացութեան, որ մէկ-երկու օր ժամանակի պէտք ունին։ Մեր համոզմամբ, անոնք բաւական ճանապարհ կտրած ըլլալ կը թուին, որովհետեւ մէկ-երկու օրը իսկապէս կարճ ժամանակ մըն է։ Եւ եթէ մէկ-երկու օրուան ընթացքին անոնք վերջնական արդիւնք մը յայտարարելու կարելիութիւնը տեսած են, ուրեմն համայնքային շրջանակներուն համար ալ լաւատես ըլլալու պատճառներ գոյութիւն ունին։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պէտք է արդար ու ճկուն լուծումի մը հասնին, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի անդորրը ըլլայ երաշխաւորուած։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ