Յոյսեր… դարձեալ

Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նա­քի եւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը ե­ղած է այս մէ­կը։ Բայց եւ այն­պէս, այս ամ­բող­ջին մէջ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Մեր հա­մայն­քէն ներս վեր­ջին շրջա­նին կ՚ապ­րուին լուրջ դժուա­րու­թիւն­ներ։ Վա­ղուց, թրքա­հա­յու­թեան կեան­քէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են ըստ էու­թեան եր­կու տե­սակ խնդիր­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ հար­ցեր, ո­րոնց լու­ծու­մը կա­խում ու­նի պե­տու­թե­նէն եւ երկ­րոր­դը՝ խնդիր­ներ, ո­րոնք կը բխին հա­մայն­քի ներ­քին տի­նա­միք­նե­րէն։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կա­խու­մով այդ խնդիր­նե­րը ըն­դե­լու­զուած են, հե­տե­ւա­բար հա­մա­պա­տաս­խա­նօ­րէն բար­դա­ցած են նաեւ լու­ծում­նե­րը։ Թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ վեր­ջին շրջա­նին առ­կայ է լուրջ պա­ռակ­տում մը։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ստեղ­ծուած են բե­ւե­ռա­ցում­ներ, ո­րոնք կը խո­չըն­դո­տեն բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կախ­ման հար­ցը կը խո­րաց­նէ այս բո­լոր խնդիր­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հո­րի­զո­նը ստեղ­ծուի, մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս կրնայ գե­տին պատ­րաս­տուիլ ու­ժե­րու նոր վե­րա­դա­սա­ւոր­ման մը հա­մար։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն կրնայ ըն­ձե­ռել՝ որ­պէս­զի մար­դիկ զի­րար վե­րա­վար­կա­ւո­րեն եւ մթնո­լոր­տը խա­ղա­ղի յա­րա­բե­րա­բար։ Մարդիկ երէկուան հանդիպումով կրնան դարձեալ համոզ-ւիլ, որ համայնքային խնդիրներուն նկատմամբ անտարբերութիւն գոյու­թիւն չունի։

Հե­տե­ւա­բար, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին փոխ-վար­չա­պե­տի մա­կար­դա­կով քննար­կու­մը, այդ մա­կար­դա­կի վրայ լուծ­ման կամ­քի վե­րա­թար­մա­ցու­մը դրա­կան կը հա­մա­րուի մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Բո­լո­րին մաղ­թան­քը այն է, որ ժամ ա­ռաջ ար­դա­րա­նան այդ յոյ­սե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016