ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուր­ջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւ­նը թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս տե­ղի տուած է մեծ մո­լո­րու­թեան մը։ Շուա­րու­մի մէջ են հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ որ­քան որ լու­ծու­մը կը յա­պա­ղի, այն­քան եւ ա­ւե­լի կը խո­րա­նայ մտա­հո­գու­թիւ­նը։ Ա­ւագ շաբ­թուան ըն­դա­ռաջ, դժբախ­տա­բար, հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած յաղ­թա­հա­րել տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւ­նը։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հա­մայն­քէն ներս ալ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կ՚ա­ճի, բե­ւե­ռա­ցում­նե­րու դրսե­ւո­րում­նե­րը կը դառ­նան ա՛լ ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը տօ­նա­կան օ­րե­րու ըն­դա­ռաջ կը ջլա­տուի ակն­յայ­տօ­րէն։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ կա­նուխ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ օր մը ա­ռաջ եր­կու սրբա­զան­նե­րը նոյ­նիսկ ժա­մադ­րուե­լու եւ տե­սակ­ցե­լու ուղ­ղու­թեամբ թիւ­րի­մա­ցու­թեան մէջ էին, այդ թիւ­րի­մա­ցու­թիւնն ալ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ստեղ­-ծեց չկա­մու­թեան մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը, ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը ե­ղաւ յու­սադ­րիչ ե­րե­ւոյթ մը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գլուխ գլու­խի տուին՝ ելք մը գտնե­լու հա­մար առ­կայ փա­կու­ղիէն։ Կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան հրա­ժեշտ ա­ռաւ Պատ­րիար­քա­րա­նէն եւ այդ փու­լին յար­մար չդա­տեց տալ ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թիւն՝ մեր հար­ցում­նե­րուն փո­խա­րէն։ Նոյն­պէս, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ նա­խընտ­րեց պա­հել լռու­թիւն։

Ա­ւե­լի ուշ ան­պաշ­տօն աղ­բիւր­նե­րէ մե­զի հա­սան լսում­ներ, Պատ­րիար­քա­րա­նի մեր­ձա­կայ շրջա­նակ­նե­րէն ու­նե­ցանք կարգ մը ան­պաշ­տօն տուեալ­ներ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, եր­կու սրբա­զան­նե­րը վեր­ջին պա­հուն ձա­խո­ղած են վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին եւ այս պատ­ճա­ռով նա­խընտ­րած՝ ո­չինչ հա­ղոր­դել մա­մու­լին։ Ըստ մեր աղ­բիւր­նե­րուն, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գիծ մը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, սա այն նա­խա­գիծն է, ո­րու մա­սին օր մը ա­ռաջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր մեր մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, սա­կայն յար­մար չէր նկա­տած հրա­պա­րա­կել ա­նոր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ նախ­քան Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի տես­նե­լը։ Եր­կու սրբա­զան­նե­րը ե­րէկ օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին յա­ջո­ղած են ո­րոշ չա­փով զար­գաց­նել ի­րենց երկ­խօ­սու­թիւ­նը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած նա­խա­գի­ծը հե­տա­մուտ ե­ղած է՝ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քը, կարգ ու կա­նո­նը եւ պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րը հա­մադ­րել։ Բա­նա­ձե­ւը նա­խա­տե­սած է մին­չեւ պե­տու­թեան հետ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մեկ­նար­կին հա­մա­ձայ­նե­ցու­մը՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շա­րու­նա­կու­մը։ Ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի մեկ­նար­կին զու­գա­հեռ, ըստ նա­խագ­ծին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Պատ­րիար­քա­րա­նի ղե­կը պի­տի փո­խան­ցէր Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին, որ­պէս­զի այս վեր­ջի­նը ա­ռաջ­նոր­դէ ընտ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այս ընդ­հա­նուր ա­ռանց­քին շուրջ ծա­ւա­լուած են քննար­կում­ներ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի պա­հան­ջով կարգ մը յա­ւե­լում­ներ կամ փո­փո­խու­թիւն­ներ ալ կա­տա­րուած են նա­խագի­ծին մէջ։ Բա­ւա­կան յու­սադ­րիչ հու­նի մը մէջ շա­րու­նա­կուած են քննար­կում­նե­րը։ Ըստ նոյն ան­պաշ­տօն լու­րե­րուն, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին առ­ա­ջար­կած է ան­գամ մըն ալ միաս­նա­բար այ­ցե­լել Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թիւն՝ խընդ-րե­լով Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ե­ղած է այն, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ձամբ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւ­նե­րուն ներ­կա­յաց­նէ, ծա­նօ­թաց­նէ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը եւ այս­պէ­սով ձե­ւով մը ա­նոր ալ կար­գա­վի­ճա­կը վե­րա­հաս­տա­տ-ւած կամ ճանչ­ցուած ըլ­լայ։ Եր­կու սրբա­զան­նե­րուն հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը կարգ մը փու­լե­րու մէջ ըն­թա­ցած է շատ հե­զա­սահ։ Այդ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած լսում­նե­րով ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, թէ Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թեան հետ նոր շփում մը դար­ձած է հա­ւա­նա­կան։ Բայց եւ այն­պէս, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վեր­ջին պա­հուն զերծ մնա­ցած է այդ­պի­սի հա­մա­ձայ­նու­թե­նէ մը եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն խնդրած է ու­նե­նալ պատ­րաս­տուած նա­խագ­ծին պատ­ճէ­նը, որ­պէս­զի քիչ մը եւս մտա­ծէ ա­նոր վրայ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վա­ղը ար­դէն պի­տի մեկ­նի Մար­սէյլ եւ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թը-ւան սկիզ­բին պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաս։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, մին­չեւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան վե­րա­դար­ձը գործ­նա­կան մեծ ար­դիւն­քի մը ակն­կա­լու­թիւ­նը չկայ եւ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նայ Մար­սէյ­լէ իր վե­րա­դար­ձին։ Նոյն­պէս ե­րէկ ա­ւե­լի զգա­յա­ցունց լսում­ներ ալ հա­սան Գում­գա­բուի շրջա­նակ­նե­րէն՝ եր­կու սրբա­զան­նե­րու քննար­կում­նե­րուն շուրջ։ Այս­պէս, առ­կայ ա­նե­լին մէջ, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նոյ­նիսկ ա­ռա­ջար­կած է հրա­ժա­րիլ տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նէն, սա­կայն այդ վար­կածն ալ վեր­ջին հա­շուով յար­մար չէ դա­տուած՝ խնա­յե­լու հա­մար Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի վարկն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը։

Կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ա­ւար­տին հա­սած քննար­կում­նե­րէն վերջ, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այ­ցե­լեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուին հետ։ Զրոյ­ցին ներ­կայ էին նաեւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քի ե­րէց ա­նուն­նե­րէն Թո­րոս Ա­բիկ եւ VADİP-ի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լը։ Այս հան­դի­պման շուրջ շօ­շա­փե­ցինք Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կար­ծի­քը։ Ա­տե­նա­պե­տը մե­զի յայտ­նեց, որ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը կը դի­տար­կէ իր խոր փոր­ձա­ռու­թեամբ։ Շի­րի­նօղ­լուի տպա­ւո­րու­թիւ­նը այն է, որ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պատ­րաս­տա­կամ է դրա­կան, շի­նիչ քայ­լե­րու դի­մե­լու, սա­կայն իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կի ազ­դե­ցու­թեան բե­րու­մով մատ­նուած է կաշ­կան­դուած վի­ճա­կի։

Ամ­փո­փե­լով յայտ­նենք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած փա­կու­ղիին վե­րա­բե­րեալ գործ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու ուղ­ղեալ աշ­խա­տան­քը պի­տի վերսկ­սի Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի Մար­սէյ­լէ վե­րա­դար­ձէն վերջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017