ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏ

Թուրքիա եւ Անգլիա մօտեցած են՝ իրենց առեւտուրի ծաւալը 30 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակին։

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որ օրուան տեւողութեան, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Երէկուան շփումներուն զուգահեռ՝ Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Անգլիա կը հանդիսանան ՆԱԹՕ-ի երկու դաշնակիցներ, որոնք թէեւ Եւրոմիութեան անդամ չեն, սակայն, Եւրոպայի հետ ունին ամուր կապեր։ Ֆիտան շեշտեց, որ Անգարա եւ Լոնտոն գրեթէ իրերանման դիրքորոշումներ ունին միջազգային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ 

Միւս կողմէ, թրքական կողմը այս շրջանին բարձր կը գնահատէ անգլիական կողմի որոշումը՝ Դամասկոսի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները բաւ համարելու ուղղութեամբ։ Տէյվիտ Լեմի կը պատրաստուի յառաջիկային այցելել Սուրիա։ Հաքան Ֆիտան երէկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս բոլորին՝ շեշտելով, որ այստեղ երկու երկիրներուն տեսակէտէ գոյութիւն ունի համագործակցութեան դաշտ մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025