ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ, ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՎ ՇԱՀԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ

«Sıfır Atık» (Զերօ արտանետում-թափօն) հիմնարկի եւ Թուրքիոյ յոյն համայնքի վաքըֆներու խրախուսման միութեան (RUMVADER) համագործակցութեամբ՝ երէկ երեկոյեան Ֆէնէրի մէջ տեղի ունեցաւ բնապահպանութեան հետամուտ կարեւոր ձեռնարկ մը։ Յոյն համայնքի «Մարաշլը» վերանորոգեալ վարժարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի։ Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ 

Տեղական մամուլին մօտ ալ լայն արձագանգ գտած է այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին կուսակալ Տաւուտ Կիւլ ըսաւ. «Մենք հասցուած ենք այնպիսի մտայնութիւնով մը, թէ միջոցները սահմանափակ եւ կարիքները անսահմանափակ են։ Յամենայնդէպս, մենք ականատես կ՚ըլլանք, որ թէեւ միջոցները մասամբ սահմանափակ են, սակայն, կարիքները ոչ։ Աւելի շատ մենք ականատես կ՚ըլլանք անսահման կիրքերու եւ չբաւարարուելու, աւելի շատը ուզելու, մսխելու, իր իրաւունքին չյօժարելու երեւոյթներու եւ սա է խնդրին ամենակարեւոր երեսակը»։

Նորաձեւութեան եւ հիւսուածեղէնի բնագաւառէ ներս արտանետումներն ու թափօնները կանխելու նպատակին ուղղութեամբ այս ձեռնարկին մասնակցեցան արուեստագէտներ, որոնք իրենց զօրակցութեան պատգամը արտայայտեցին բնապահպանական շարժման ի նպաստ։ Կուսակալ Կիւլ եւ կողմակիցը՝ Կիւլտէն Կիւլ ձեռնարկի ընթացքին շրջապատուեցան ջերմօրէն։ «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշ եւս հանդիսութեան ներկայ էր՝ քաղաքիս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն, արուեստագէտներու եւ քաղաքական գործիչներու շարքին։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Ձեռնարկի ժամանակ ցուցադրուեցան զանազան գործեր, որոնք հաւաքական կոչի մը բնոյթը կը կրէին՝ խղճի յանձնառութիւններու տեսակէտէ, ինչ որ հիմնական նշանակութիւն ունի բնապահպապանական պայքարին տեսակէտէ։ 

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք, որ վաղուց բնապահպանական շարժումները կը խրախուսէ եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ, հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ հաւատը, գեղարուեստը, նորաձեւութիւնը եւ զանազանութիւնները կ՚ընդելուզուին այսպիսի առիթներով եւ համապատասխան վկայութիւնը իսկապէս մեծ ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ կը հանդիսանայ։ Իր խօսքով՝ արարչագործութեան նուիրականութիւնը, ապագայ սերունդներու նկատմամբ խղճի պատասխանատուութիւնը կը բիւրեղանան այդ պատգամին մէջ։ 

Հարկ է նշել, որ «Sıfır Atık» հիմնարկը ստեղծուած է եւ կը գործէ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ։ 

Երէկուան հաւաքոյթի աւարտին սարքուեցան նաեւ ընդունելութիւն մը։ Ձեռնարկի հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ խումբ մը համայնքային վարիչներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025