ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՊԱՐՐՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիսի մէջ, ուր Ֆրանսայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Ովկիանոսի հարցերով երրորդ համաժողովը։ Արարատ Միրզոյեան այս առթիւ նշեց, որ բազմակողմանի հարթակներու վրայ հայկական կողմի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը շարունակաբար կը լրացնէ կողմերու օրակարգը, ինչ որ առանցքային է առաջնահերթութիւններու կեանքի կոչման հարցին շուրջ յաջողութեան հասնելու տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ 2026 թուականին Երեւանի մէջ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի կողմ երկիրներու 17-րդ համաժողովը։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025