ԷՕՃԱԼԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՏԵՍԱՈՒՂԵՐՁ, ՔՈՒՐԹՈՒԼՄՈՒՇ-ՔԱԼԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս իրերայաջորդ կարեւոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Վաղը նախատեսուած է ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան շուրջ երեսուն անդամէն բաղկացեալ խումբի մը կողմէ զէնքերու յանձնումը, ինչ որ լուրջ անկիւնադարձի մը կրնայ վերածուիլ։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան երէկ հանդէս եկաւ նոր կոչով մը։ Սա Էօճալանի այս գործընթացի երկրորդ տեսաուղերձն էր, որու հրապարակման ժամանակ իր շուրջ էին նաեւ այլ ՓՔՔ-ականներ, որոնք կալանաւորուած են Իմրալը կղզիին մէջ։ Էօճալան շեշտեց, որ իր դրական կոչերուն նպատակը չէ ազատ արձակուելու սպասումը, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ հասարակութիւնը պատրաստ չէ այդ բանին։ Ապտուլլահ Էօճալան տեսաուղերձին մէջ շեշտեց, որ ՓՔՔ-ի առաքելութիւնը աւարտած է եւ ազգային պետութիւն մը ունենալու որոնումն ալ վերջ գտած է։ Իր խօսքով՝ այս գործընթացը վստահութիւն կը ներշնչէ եւ ինք այնտեղ կը նկատէ անկեղծութիւն։ Էօճալանի կոչին մէջ տեղ գտաւ նաեւ՝ զինեալ պայքարէ կամաւոր ձեւով ժողովրդավարական քաղաքականութեան անցումի բանաձեւումը։ Ան նշեց, որ գործընթացի շարունակութիւնը Ազգային մեծ ժողովէն ներս առնուելիք քայլերով պիտի բերուի։
Միւս կողմէ, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ տեսակցեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։ Քալըն տեղեկութիւններ տուաւ Իրաքի վերջին շփումներուն շուրջ՝ մանաւանդ, որ վաղը Սիւլէյմանիյէի մէջ նախատեսուած է ՓՔՔ-ականներու կողմէ զէնքերու յանձնումը։ Անգարայէն կը հաղորդուի, որ խորհրդարանի ՏԵՄ կուսակցութեան կողմէ ալ ներկայացուցիչներ պիտի մեկնին Սիւլէյմանիյէ։