«ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ»
Յունաստանի հռչակաւոր մեներգիչներէն Քոնստանդինոս Արկիրոս երէկ երեկոյեան քաղաքիս մէջ հանդէս եկաւ համերգով մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Սա հռչակաւոր արուեստագէտի առաջին ելոյթն էր Թուրքիոյ մէջ։ Հարպիյէի «Ճեմիլ Թոփուզլու» բացօթեայ ամփիթատրոնի համալիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյթը ձօնուած էր յոյն համայնքի «Զափիոն» վարժարանի հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։ Համերգի հասոյթն ալ տրամադրուեցաւ այս դպրոցին՝ կրթամշակութային բնոյթով ծրագիրները խրախուսելու համար։
Համերգի ընթացքին բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ՝ մինչ ունկնդիրներու շարքին էին նաեւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
«Առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ» կարգախօսով կազմակերպուած երեկոյթին ժամանակ հիւր արուեստագէտը բոլորը հրապուրեց իր կատարողական կարողութիւններով։
Քոնստանդինոս Արկիրոս յատուկ վերաբերմունք ցոյց տուաւ նաեւ այն թուրք արուեստագէտներուն նկատմամբ, որոնք փութացած էին զինքը ունկնդրելու։