ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՀՄԷՏ ՇԱՐԱՆ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ։ Բացի Սպիտակ տուն այցելելէ, Շարա ԱՄՆ-ի շարք մը քոնկրէսականներուն հետ ալ մէկտեղուեցաւ։ Միջազգային հաղորդումներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ, որ Ահմէտ Շարա Ուաշինկթընի մէջ Սուրիայէն ԱՄՆ գաղթածներու սիրոյ ցոյցերուն առարկայ դարձած է։

Թրամփ-Շարա զրոյցը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Դռնփակ հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան տարածաշրջանային բնոյթով հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրները շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Յամենայնդէպս, մատնանշուեցաւ, որ Թրամփ-Շարա հանդիպումը շինիչ էր։

Տեսակցութենէն առաջ պաշտօնական աղբիւրները հաւանական օրակարգին շուրջ արդէն որոշ մանրամասնութիւններ հրապարակած էին։ Այսպէս, երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ էր Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու մեղմացման խնդիրը։ Այս հարցերը քննարկուեցան ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան Սուրիոյ եւս միանալու հեռանկարին հետ։

Սպիտակ տան մէջ շուրջ ութսուն տարի վերջ Սուրիոյ ղեկավար մը յայտնուեցաւ։ Վերջին անգամ 1946 թուականին Սուրիոյ ղեկավարը պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր ԱՄՆ։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախագահ Թրամփ խաղաղութեան որոնումներու շրջանակներէն ներս աշխարհի վրայ բոլորի հետ երկխօսութիւն ստեղծելու հետամուտ է եւ Շարայի հետ տեսակցութիւնն ալ մաս կը կազմէ այս ծիրին։ Թրամփ եւ Շարա աւելի առաջ անցեալ մայիսին Սէուտական Արաբիոյ մէջ երկկողմանի հանդիպում մը ունեցած էին։ Այս մէկը 2000 թուականին ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի եւ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ի վեր երկու երկիրներու միջեւ առաջին ուղիղ շփումը եղած էր։ Թրամփ վերջին շրջանին դրուատալից արտայայտութիւններ կ՚ունենայ Շարայի մասին։ Մինչ այդ, Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերուն շուրջ ԱՄՆ-ի ղեկավարը միշտ կ՚ընդգծէ նաեւ Թուրքիոյ ներգործութեան եւ դերակատարութեան նշանակութիւնը։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը անցեալ շաբթուան մէջ հաւանութիւն տուած էր, որպէսզի Շարայի եւ իր կառավարութեան իրաւասուներուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցները մեղմացուին։ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ Մայք Վոլթս նշած էր, որ այս որոշումը ցոյց կու տայ, որ Սուրիոյ մէջ նոր շրջան մը սկսած է՝ 2024 թուականի դեկտեմբերին Պեշար Էսատի իշխանութեան տապալումէն ի վեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025