ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՈՅԻ ՀԵՏ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Երբ Ֆիտան կը գտնուէր Սպիտակ տան մէջ, նոյն ժամերուն այնտեղ էր նաեւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ ընդունուեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի, Սպիտակ տան Մերձաւոր Արեւելքի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքի հետ, որ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանն է միեւնոյն ժամանակ։ Կը հաղորդուի, որ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած է նաեւ Հաքան Ֆիտանի, Մարքօ Ռուպիոյի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի հանդիպումը։
Հաքան Ֆիտան ԱՄՆ-ի շփումներու լոյսին տակ յայտարարեց, որ տարածաշրջանի խնդիրները պէտք է լաւ կառավարուին, այլապէս Սուրիա կրնայ յայտնուիլ մասնատման յորձանուտին մէջ։ Թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն ժամանակ շօշափուեցան տարածաշրջանային բնոյթով զանազան հարցեր՝ ներառեալ Կազզէի իրադրութիւնը։