ԴՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ խնդիրները թէեւ բարդ են, սակայն, ոչ անլուծելի։ Երէկ, նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Երկու երկիրներու ղեկավարները դրական պատգամներ փոխանցեցին՝ Անգարա-Աթէնք յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։
Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական արարողակարգով դիմաւորեց Միցոթաքիսը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու ղեկավարները աւելի վերջ քննարկեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք յայտարարութիւններով ալ հանդէս եկան՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Միցոթաքիսի այցելութեան առթիւ շեշտուեցաւ, որ անցեալ տարի Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առաւտուրի շրջանառութեան ծաւալը կազմած է շուրջ 7 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ այս տարի որդեգրուած է այդ մէկը 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը։
Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին ծաւալուն ձեւով արժեւորուած է, թէ դրական օրակարգի հետամուտ ձեւով ինչպէ՛ս զարգացում կարելի է ապահովել կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ։ «Բարձր մակարդակի շփումները այս առումով նպաստաւոր գետին մը կը ստեղծեն», ըսաւ Էրտողան՝ ընդգծելով, որ Եգէականի եւ Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հերթական անգամ անկեղծ ու բաց ձեւով Յունաստանի նկատառման յանձնուած է։ «Մենք այս կապակցութեամբ անցեալէն ի վեր հետեւեալը կը պաշտպանենք. առկայ խնդիրները թէեւ բարդ են, սակայն, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ անլուծելի չեն։ Կը բաւէ, որ բարեացակամութիւն, դրական երկխօսութիւն եւ լուծման կամք գոյութիւն ունենայ։ Ես գոհունակութեամբ նկատեցի, որ իմ բարեկամ Քիրիաքոսի հետ այս կապակցութեամբ համակարծիք ենք։ Մեր յարաբերութիւններու միւս բոլոր ուղղութիւններով, 2023 թուականէն ի վեր եղածին նման, իրարու փոխկապակցուած խնդիրներու լուծման կէտին վրայ կրնանք զարգացում ապահովել», ըսաւ Էրտողան։
Անգարայի երէկուան բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկան Եւրոպայի պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարն ալ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ շօշափուեցան նաեւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ խնդիրներ։ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիա եւ Յունաստան ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ կը հանդիսանան եւ երկուքն ալ դէմ յանդիման կը գտնուին զանազան խնդիրներու, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան եւ կայունութեան դէմ սպառնալիքի։ «Մենք համոզուած ենք, թէ Եւրոպայէ ներս վերջին շրջանին սկսած պաշտպանական զարգացումներուն մէջ տեղ ունենալը մեր համատեղ շահերուն կը համընկնի», ըսաւ Էրտողան։
Ի լրումն այս բոլորին, երկու ղեկավարները անդրադարձան Պաղեստինի իրավիճակին եւ Սուրիայէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։ «Այս կապակցութեամբ մեր ստանձնած շինիչ դերակատարութիւնը ո՛չ թէ միայն Սուրիոյ, այլեւ Յունաստանի եւ Եւրոպայի անվտանգութեան տեսակէտէ ալ ծայր աստիճան կարեւոր է», ըսաւ Էրտողան։ Հուսկ, նախագահը մատնանշեց, որ երկու հարեւան ու դաշնակից երկիրները պէտք է ընթանան համագործակցութեան հիմքով եւ երկխօսութեան խողովակները միշտ բաց պահելով։
Իր կարգին, Միցոթաքիսն ալ նշեց, որ երկխօսութեան հնարաւորութիւններու շնորհիւ քննարկուած են կողմերու միջեւ առկայ խնդիրները։ «Այս բոլորը մեր միջեւ անկեղծ ձեւով պէտք է քննարկենք։ Խնդիրները պաղարիւնութեամբ պէտք է ձեռք առնենք։ Նոյնիսկ կարգ մը հարցերու կապակցութեամբ կրնանք համակարծիք չըլլալ, սակայն, Յունաստան միշտ հետամուտ է երկխօսութեան եւ բարեացակամութեամբ ու փոխադարձ յարգանքի ծիրէն ներս պիտի շարունակենք մեր համագործակցութիւնը», նշեց Քիրիաքոս Միցոթաքիս։