ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՊԵՐՍԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին վարչապետը բարձր գնահատեց ԵԽ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ կարեւորելով անոր դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման գործընթացներէն ներս։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոխորհուրդին՝ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն շարունակական աջակցութեան համար։ Իր կարգին, ընդհանուր քարտուղարն ալ վերահեստատեց ԵԽ-ի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ եւ օժանդակելու ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Ալէն Պերսէ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ 2026 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին եւ COP-17-ի համաժողովին կապակցութեամբ։
Բացի Հայաստան-ԵԽ համագործակցութեան օրակարգային հարցերէն, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալէն Պերսէ կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներու եւ կայունութեան ապահովման նիւթերու շուրջ։