ԵՒ ԶԷՆՔԵՐԸ ՀՐԿԻԶՈՒԵՑԱՆ

ՓՔՔ կազմակերպութեան երեսուն անդամէ բաղկացեալ խումբ մը երէկ զէնքերը հրկիզեց Հիւսիսային Իրաքի Սիւլէյմանիէ քաղաքի մերձակայքին։ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս անկիւնադարձային, պատմական նշանակութեամբ իրադարձութիւն մը եղաւ այս մէկը, ինչ որ աստիճանաբար կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքական համայնապատկերը։ 

Ժասանա քարանձաւի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ զէնքերու հրկիզումը։ ՓՔՔ-ական տասնհինգ կին եւ տասնհինգ այր տեսագրման պայմաններու ներքեւ հրկիզեցին իրենց զէնքերը։ Խումբի անդամներու տարիքը կը տարբերէր 25-ի եւ 50-ի միջեւ։ Անոնց գլուխը կը գտնուէր կազմակերպութեան ազդու անուններէն մին։ Հրկիզուած զէնքերը արձանագրութեան տակ առնուեցան եւ ցուցակներէն դուրս թողուեցան։ 

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս իրադարձութեան արձագանգեց ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը։ Ան մաղթեց, որ սոյն քայլը բախտաբեր ըլլայ ամբողջ երկրին տեսակէտէ։ «Մեր երկրի անվտանգութեան, մեր ազգի անդորրութեան եւ տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման համար մեր դուրս եկած այս ճանապարհին վրայ թող Աստուած մեզ արժանացնէ յաջողութեան հասնելու», նշեց Էրտողան։

Իր կարգին, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզելն ալ նոյն առթիւ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան վերջ գտնելը բոլորի հասարակաց յայտարարն է։

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025