«ՈՒԺԵՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Հայաստանէ ներս ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները հետզհետէ կ՚աշխուժանան: Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ ընդդիմադիր դաշտը՝ մանաւանդ, որ նոր բեւեռներ կը ձեւաւորուին՝ իշխանափոխութեան նպատակին հասնելու համար:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուժեղ Հայաստան» նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը: «Կարէն Տեմիճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս համագումարը, որու ընթացքին յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան հռչակուեցաւ վարչապետի թեկնածու՝ յոտնկայս ծափահարութիւններու ներքեւ:
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը հիմնուած է «Մեր ձեւով» ընդդիամադիր շարժման ի շարունակութիւն: Այս շարժումը ստեղծուած էր, երբ Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ՝ իշխանութիւններու դէմ սանձազերծուած հալածանքներու պայմաններուն ներքեւ զօրակցութիւն յայնտելէ վերջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ի նպաստ: Անցեալ ամիսներուն արդէն թէ՛ հայկական եւ թէ միջազգային հանրային կարծիքի խղճին մէջ Սամուէլ Կարապետեան դասուեցաւ՝ որպէս քաղաքական բանտարկեալ: Այս նոյն ժամանակաշրջանին, ստեղծուած պոռթկումն ալ հաշուի առնելով «Մեր ձեւով» շարժումը ստեղծուեցաւ: Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեան համակարգեց այս շարժումը՝ մինչեւ որ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները վերջերս Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոցը բանտարկութենէն փոխեցին տնային կալանքի:
Այս համայնապատկերին վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ նոր կուսակցութեան ստեղծուիլը: Մարզահամերգային համալիրէն ներս, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր կուսակցութեան հինադիր համագումարը՝ մինչ վաթսունամեայ Սամուէլ Կարապետեան հռչակուեցաւ վարչապետի թեկնածու: Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան հաղորդումներ, որոնք կը մատնանշեն Սամուէլ Կարապետեանի թեկնածութեան պարագային երկրի Սահմանադրութեան մէջ առկայ արգելքները: Արդարեւ, Սահմանադրութեան պահանջն է, որ վարչապետի թեկնածուն վերջին չորս տարիներուն միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եղած ըլլայ եւ վերջին չորս տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակած ըլլայ: Պարզ է, որ Սամուէլ Կարապետեան ունի Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն: Ան, ըստ էութեան, գործարարութեամբ կը զբաղի Ռուսաստանի մէջ: Յամենայնդէպս, նորաստեղծ կուսակցութեան շրջանակներէն դիտել տուին, որ Խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն ապահովելու պարագային կրնան Սահմանադրութեան համապատասխան կէտը փոփոխութեան ենթարկել: