ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ…

Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կ՚ահագնանայ մտահոգիչ դրսեւորումներով: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ սփիւռքի շրջանակներն ալ հետզհետէ կը տագնապին՝ հաշուի առնելով մասնաւորապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան վերաբերալ զգայնութիւնները: Մինչ յաջորդ շաբթուան սկիզբին Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած է Եպիսկոպոսաց ժողով, որու տապալման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնները տխուր քայլերու կը դիմեն, երէկ, սփիւռքահայ շարք մը հեղինակաւոր գործիչներ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը: Այս յայտարարութիւնը ստորագրած հեղինակաւոր անուններն են՝ Նուպար Աֆէեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Էնթընի Պարսամեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանագներ), Լորտ Արա Տարզի (Անգլիա), Էրիք Իսրայէլեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Վահէ Կապրաշ (Զուիցերիա), Վաչէ Մանուկեան (Անգլիա), Ժոզէֆ Ուղուրլուեան (Անգլիա) եւ Պերճ Սեդրակեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ): 

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը։

*

Հայերը մաս կը կազմեն աշխարհի ամենահին ժողովուրդներու շարքին, որոնք պատմականօրէն բնակած են Հարաւային Կովկասի մէջ, մեր նախնիներու հողերուն վրայ: Մենք նաեւ աշխարհի մէջ քրիստոնէական հաւատքի ամենահին դաւանողներէն ենք 301 թուականէն ի վեր, երբ Հայաստան դարձաւ առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց՝ որպէս պետական կրօն: Այդ ժամանակէն ի վեր հայերու մեծամասնութիւնը (այսօր գրեթէ 97 տոկոսը) Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ են:

Օսմանեան կայսրութեան անկումէն յետոյ հայերը վտարուեցան մեր հայրենի հողերէն եւ կոտորուեցան սարսափելի ցեղասպանութեան մէջ: Անոնք, որոնք չկոտորուեցան, ստիպուած էին փախչիլ՝ հաւաքականօրէն հայկական սփիւռք դառնալով: Երբ հայերը ցրուեցան աշխարհով մէկ, մենք դիմեցինք մեր Եկեղեցւոյ՝ որպէս մխիթարութեան եւ մեր հայրենիքի հետ կապի աղբիւր: Ուր որ ալ բնակեցանք, հայկական համայնքները յայտնի էին եկեղեցիներու եւ դպրոցներու կառուցմամբ՝ պահպանելու համար հաւատն ու էթնիք ժառանգութիւնը, զոր մեզ հալածողները փորձած էին ոչնչացնել:

Յետագային, երբ Սովետական Միութիւնը փլուզուեցաւ եւ սկսաւ ծնիլ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սփիւռքը էական աջակցութիւն տրամադրեց Եկեղեցիին՝ տասնամեակներու խորհրդային ճնշումներէն յետոյ վերածնուելու համար: Այսօր, Հայ Առաքելական եկեղեցիները աշխարհով մէկ՝ ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Լիբանանի մէջ եւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները, փոխկապակցուած են, միացեալ են եւ կը ճանչնան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ որպէս եկեղեցւոյ համաշխարհային առաջնորդ, որու գահը Հայաստանի մէջ է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Մօտաւորապէս 3 միլիոն հայ կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, մինչդեռ ընդհանուր 10 միլիոն հայերու մեծամասնութիւնը կը բնակի սփիւռքի մէջ, որու աւելի քան մէկ միլիոնը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Վերջին շրջանին Հայաստանէ ներս տեւական քաղաքական անհամաձայնութիւնը՝ ներառեալ աճող հակամարտութիւնը Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարներու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ, հասած է գագաթնակէտին՝ կառավարութիւնը կը պահանջէ հեռացնել Եկեղեցւոյ առաջնորդը, հակառակ իր օրինական ընտրութեան Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոններուն համապատասխան: Քանի մը արքեպիսկոպոսներ բանտարկուած են քաղաքական յայտարարութիւններ ընելու մեղադրանքով, իսկ յայտնի ռուսահայ բարերար եւ գործարարը բանտարկուած է Եկեղեցւոյ դիրքորոշման հրապարակայնօրէն աջակցութիւն յայտնելու համար:

Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան վրայ հետեւողականօրէն յարձակումները եւ անոր առաջնորդի հարկադրական հեռացման սպառնալիքները ուղղակի սպառնալիք կը հանդիսանան աշխարհի բոլոր հայերուն դէմ, որոնք կ՚ապաւինին Եկեղեցւոյ հոգեւոր սնուցման համար:

Կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի եկեղեցական կառավարման հետ կապուած բոլոր հարցերը լուծուին Եկեղեցւոյ կառավարման մարմիններու միջոցով, որոնք կը գործեն 18 դարէ ի վեր՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ուսմունքի եւ աւանդոյթներուն համաձայն: Եկեղեցին արդէն հրաւիրած է Եպիկոպոսներու ժողով, որ պէտք է փետրուարի 17-19-ին տեղի ունենայ Վիեննայի մէջ: Դժբախտաբար, կառավարութիւնը, ըստ տեղեկութիւններու՝ իրաւական ծանուցումներ յանձնած է քանի մը եպիսկոպոսներու՝ մերժելով երկրէն ազատ դուրս գալու եւ ժողովին մասնակցելու անոնց իրաւունքը: Ժողովին կը յաջորդէ Ազգային-եկեղեցական ժողովի հաւաք՝ քննարկելու ընթացիկ մարտահրաւէրները եւ առաջարկելու նորացման ուղի՝ Եկեղեցւոյ երկարամեայ աւանդոյթներուն եւ կանոններուն համահունչ:

Եկեղեցւոյ ինքնակառավարումը շարունակական բարելաւման եւ բարեփոխման համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի: Եկեղեցին կը կազմակերպէ պարբերական ժողովներ՝ իր եպիսկոպոսներու հաւաքները, ինչպէս նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովներ, որոնք կարեւորապէս կը ներառեն աշխարհականները եւ հոգեւորականները: Այս մարմինը Եկեղեցւոյ բարձրագոյն կառավարման մարմինն է եւ միայն այս մարմինն է, որ կ՚ընտրէ կաթողիկոսը: Այս ժողովը նաեւ կրնայ քուէարկել Եկեղեցւոյ կանոններու, կանոնակարգերու եւ կրօնական կարգերու փոփոխութիւններու համար: 

Մենք կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ, որպէսզի լուծեն բոլոր տարաձայնութիւնները՝ յարգելով Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման կանոնները, յարգելով քաղաքական գործունէութեան եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան բաժանումը եւ պաշտպանելով սփիւռքի հայերու իրաւունքը՝ դաւանելու իրենց հաւատքը առանց կառավարութեան կողմէ քաղաքական միջամտութեան ազդեցութեան: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներուն համար բոլոր հայերը ոչնչացնելու ձախողած առաքելութեան մասին յիշողութիւնը եւ մեր ապագայ երկար վերածնունդի ճանապարհը այժմու իրադարձութիւնները կը դարձնեն յատկապէս ցաւոտ եւ սպառնալից: Եկեղեցին է, որ օգնած է բնակչութեան վերապրելու եւ վերածունելու համար ցեղասպանութենէն յետոյ: Եկեղեցին է, որ օգնած է հայկական ոգիի վերածնման եւ նո՛յն Եկեղեցին է, որ անհրաժեշտ է աշխարհասփիւռ ազգի բարգաւաճման համար: Նոյնիսկ եթէ այն դիտաւորեալ չէ, Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումը կը վտանգէ կտրել իր յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ. բան մը, որ չկարողացան ընել նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութիւնը կամ Խորհրդային Միութիւնը:

Հայոց Եկեղեցին հոգեւոր սնուցում կը տրամադրէ բոլոր հայերուն՝ ներառեալ հայերու մեծամասնութեան, որոնք կ՚ապրին Հայաստանէ դուրս: Անհատի, կառավարութեան կամ որեւէ արտաքին մարմնի կողմէ որեւէ յարձակում կամ միջամտութիւն Եկեղեցւոյ կառավարման կամ գործունէութեան դէմ ուղղակի ազդեցութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայերու վրայ: Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ շատ այլ երկիրներու ներկայ քաղաքացիներ՝ սփիւռքահայերը պարտաւոր են օգնութիւն հայցել մեր սեփական կառավարութիւններէն՝ ներառեալ քաղաքական միջոցներ եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրաւական գործողութիւններ, մեր կրօնական իրաւունքները պաշտպանելու համար: Այս իրաւունքները կը ներառեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման ապաւինիլը՝ հաստատուած կանոններով եւ աւանդութիւններով, որոնք սկիզբ առած են քրիստոնէութեան ամենավաղ օրերէն:

Հայաստան կանգնած է իր պատմութեան կարեւոր խաչմերուկին վրայ: Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ ներքին բաժանումները պէտք չէ աւելի թուլացնեն աշխարհասփիւռ հայ ազգը: Ժամանակն է հանգստացնել այս ներքին տագնապը, որպէսզի Հայոց պետութիւնը, Հայոց Եկեղեցին եւ հայկական սփիւռքը կարողանան յառաջ շարժուիլ դէպի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նոր դարաշրջան: Մենք կոչ կ՚ուղղենք սփիւռքի բոլոր հայերուն՝ բարձրացնել իրենց հաւաքական ձայնը եւ պահանջել իրենց իրաւունքի իրացումը՝ դաւանելու իրենց կրօնը քաղաքական միջամտութենէն ազատ ինքնաբարեփոխուող եկեղեցւոյ մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026