ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ. ԵՐԳԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մեծարանքի ձեռնարկ մը՝ ի պատիւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն, յայտնի յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի։ Մայրաքաղաքի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մեծանուն արուեստագէտի յոբելեանին ձօնուած համերգը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

«Երգեր՝ աշխարհի լեզուներով» խորագրուած էր ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբն ու երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ռոպերթ Մլքէեանի։ Յայտագիրը բաղկացած էր Ռոպերթ Ամիրխանեանի գործերէն, որոնք առանց բացառութեան բոլորն ալ առաջին անգամ ներկայացուեցան։

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025