Ուրբաթ 21, Նոյեմբեր 2025
ԱՆԳԱՐԱ-ԳԱՀԻՐԷ ՇՓՈՒՄ
Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ այս շրջանին աշխուժութիւն կը նկատուի, երբ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները բաւական բեղուն կ՚ընթանան։ Երէկ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ապտիւլաթի այցելեց Թուրքիա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին հետ։ Հիւր նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Հաքան Ֆիտան կարեւորեց Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը։
Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Ապպաս Արաղչի ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին եւս կարծիքներ փոխանակուեցան Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2025