ԵՐԵՒԱՆ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։ Այս առթիւ TRIPP-ի կենսագործման շրջանակի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն մը ստորագրուեցաւ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Ռուպիօ գոհունակութեամբ ընդգծեցին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման եւ պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման աշխոյժ թափը, համատեղ նախաձեռնութիւններն ու ապագայ հեռանկարները։ Անոնք քննարկեցին անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու եռակողմանի գագաթաժողովի ժամանակ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը։ Միրզոյեան եւ Ռուպիօ ընդգծեցին խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման կարեւորութիւնն ու անդրադարձ կատարեցին այդ ուղղութեամբ քայլերուն։ 

Միրզոյեան եւ Ռուպիօ հաստատեցին TRIPP ծրագրի համար Հայաստան-ԱՄՆ կենսական շրջանակի շուրջ համատեղ յայտարարութիւնը։ Ըստ կողմերու պայմանաւորուածութեան՝ Ուաշինկթընի ժամանակով երէկ, աշխատանքային օրուայ աւարտին հրապարակուեցաւ բովանդակութիւնը։ Իսկ այս առաւօտ, Երեւանի ժամանակով 10.00-ին Արարատ Միրզոյեան մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ՝ պատասխանելով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։

Իր կարգին, Մարքօ Ռուպիօ շեշտեց, որ Հայաստան եւ ԱՄՆ պիտի շարունակեն աշխատանքները TRIPP նախագծի իրագործման ուղղութեամբ։ Սա իսկապէս բացառիկ նշանակութիւն ունի։ «Մենք կը պատրաստուինք շարունակել աշխատանքները այս համաձայնութեան իրագործման ուղղութեամբ։ Սա, մեր խորին համոզմամբ, իսկապէս բացառիկ նշանակութիւն ունի։ Այս համաձայնագիրը լայնօրէն կը բանայ Հայաստանը գործարարութեան առջեւ՝ թոյլ կու տայ երկրին տնտեսապէս բարգաւաճիլ՝ առանց որեւէ կերպով խախտելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Ինքնիշխանութեան վերաբերեալ որեւէ խնդիր այստեղ պարզապէս չկայ։ Ան կը յարգէ ինքնիշխանութիւնը։ Սա հիանալի օրինակ է եւ, միեւնոյն ժամանակ, շարունակական ճանապարհ՝ մեր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։ Անոնք արդէն շատ ամուր են եւ այս համաձայնութիւններու շնորհիւ կը շարունակուին աւելի ամրապնդուիլ՝ TRIPP-ի շրջանակներէն անդին։ Եւ մենք կը կարծենք, թէ TRIPP-ը իրականութեան մէջ պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի համար օրինակելի մոտել մը՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս կարելի է բացուիլ տնտեսական գործունէութեան եւ բարգաւաճման համար՝ առանց որեւէ կերպով կասկածի տակ դնելու կամ խաթարելու սեփական ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եւ մենք կը կարծենք, թէ սա հրաշալի կ՚ըլլայ Հայաստանի համար, ԱՄՆ-ի համար, բոլոր ներգրաւուածներուն համար, բայց, վերջին հաշուով, կ՚ըլլայ մոտել աշխարհի համար։ Եւ մենք մեծապէս յանձնառու ենք եւ այսօր կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկենք եւ կը շարունակենք առաջ շարժուիլ այս ուղղութեամբ», յայտնեց Մարքօ Ռուպիօ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026