22-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Այս տարի 22-րդ անգամ կը կազմակերպուի փառատօնը, որու բացման փուլին ցուցադրուեցաւ Իրանէն յայտնի բեմադրիչ Զաֆար Փանահիի «Պարզ պատահար մը» գործը, որ Քաննի մէջ արժանացած էր Ոսկէ արմաւենիի մրցանակին։
Փառատօնի ծրագրին վրայ տեղ գտած է 100 ֆիլմ՝ աշխարհի աւելի քան 30 երկրէ։ Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Շարժանկարի աշխարհէն յայտնի դէմքեր այս օրերուն համախմբուած են Երեւանի մէջ։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան մէջ։ Հիւրերու շարքին էին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։
22-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակներէն ներս այս տարի նախատեսուած է նաեւ յատուկ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած է փառատօնի համահիմնադիր ու նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանի 70-ամեայ յոբելեանին։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին վերյիշուեցաւ նաեւ հայկական շարժանկարի աշխարհի անմոռանալի հսկաներէն Ալպերթ Եաւուրեան, որու 90-ամեակն է այս տարի։