ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ռուսաստանի հետ խտացեալ աշխատանքի մէջ է՝ ապահովելու համար Ուքրայնայի հակամարտութեան վերջանալը։ Ամերիկեան կողմը վերջերս բարձրաձայնած էր իր հիասթափութիւնը՝ ռուսական կողմի ձգձգումներուն կապակցութեամբ։ Սպիտակ տունը ներառեալ՝ այս բարձրաձայնուած անհանգստութիւններուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ շօշափելի քայլեր կ՚ակնկալուին Ռուսաստանի դէմ։ Այս կէտին վրայ Քրեմլինի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած է նոր նախաձեռնութիւն մը։ Երբ մէկ կողմէ կը սպասուի Թրամփի յայտարարութեան, ապա միւս կողմէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին սեղանի վրայ կը դնէ նոր ճանապարհային քարտէս մը՝ պատերազմը վերջացնելու հետամուտ։

Վերլուծաբաններ կը նշեն, որ Մոսկուայի այս նախաձեռնութեան ժամկէտը դուռ կը բանայ մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց Մոսկուա կը ջանայ զսպել Ուաշինկթընը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ, որ վերջին օրերուն տեսակցած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, յայտնած է, թէ իր լսածները յուսադրիչ են։

Միջազգային լրահոսին մէջ արձագանգ կը գտնէ, որ Ռուսաստանն ալ պատրաստ է որոշ զիջումներու եւ այս նոր ճանապարհային քարտէսի շրջանակներէն ներս տեղի կրնայ ունենալ ղեկավարներու հանդիպումը։ ԱՄՆ-ի կողմէ Ուքրայնայի ի նպաստ զէնքի մատակարարումներու կասեցման փոխարէն՝ Ռուսաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ առնուազն 30 օրուան հրադադարի մը համար, որով պիտի սառեցուի առաջնագիծը։

Միւս կողմէ, Թրամփի Ուքրայնայի գծով յատուկ բանագնաց Քիտ Քելոկ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Քիեւի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025