Երեքշաբթի 15, Յուլիս 2025
ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ ալ Նահիանի հետ։ Այս հեռախօսազրոյցը յաջորդեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ապու Տապիի վերջին հանդիպման։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ հիւրընկալւած այդ շփման կապակցութեամբ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Ապու Տապիի մէջ սկիզբ առած Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան բանակցութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Անգարա պիտի շարունակէ խրախուսել այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են Կովկասի մէջ անդորրութեան հաստատման։
Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025