Երեքշաբթի 15, Յուլիս 2025
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ, ուր կը մէկտեղուի Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Այս եռակողմանի հանդիպման ժամանակ կը քննարկուի Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան ընթացքը։ Երեւան-Պրիւքսէլ գործակցութեան հեռանկարները կը շօշափուին նաեւ Փաշինեանի եւ ԵՄ-ի ընդլայնման գործերով յանձնակատար Մարթա Քոսի միջեւ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի նաեւ Պելժիոյ վարչապետ Փարթ տը Վեւիէրի կողմէ։
Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025