ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼԵՐ

Սուրիոյ ներքին կայունութեան ուղղեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ Դամասկոսէն հասան կարեւոր լուրեր։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան այդ երկրի շառաւիղը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու գլուխը՝ Մազլում Ապտի հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութեամբ։ Ան տեղեկացուց, որ իրեն ենթակայ զօրքերը պիտի մասնակցին Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին եւ Դամասկոսի ղեկավարութեան հետ սկզբնական համաձայնութեան հասած են՝ երկրի ընդհանուրին հետ ամբողջական համարկման համար։

AFP-ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն Ապտի տեսակցած էր Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Ան միջնորդական ջանքերու համար շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Թուրքիոյ։ Ըստ իրեն՝ բանակցութիւններու ապագայ յաջողութիւնը կախում ունի Թուրքիոյ դերակատարութենէն։ Ուստի, Ապտի յոյս յայտնեց, թէ Անգարա կը բերէ իր նպաստը եւ կը խրախուսէ բանակցութիւնները, որոնք ընթացքի մէջ են։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան քանի մը օր առաջ կոչ ուղղած էր, որպէսզի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յարգեն իրենց խօսքերը եւ ամբողջութեամբ համարկին երկրին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025