ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները փոփոխութեան ենթարկեցին՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններով բանտարկուած ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ մեղադրանքը։ Ան «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիրն է եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն։ Վերջին շրջանին կը գլխաւորէ ընդդիմադիր հոսանք մը, որ կուսակցութեան վերածուելու ճանապարհին է՝ յաջորդ տարուայ ընտրութեան ընդառաջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սամուէլ Կարապետեանի մեղադրանքին վրայ աւելցած է նոր բաժին մը՝ ըստ Քրէական օրէնսգրքի տրամադրութիւններուն, որոնք կը վերաբերին իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով առանձնապէս մեծ չափերով գումարներու լուացման։

Աւելի առաջ Սամուէլ Կարապետեանի հասցէագրուած ամբաստանագիրը կը վերաբերէր՝ իշխանութիւնը գրաւելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու համար հրապարակային կոչեր հնչեցնելու։

Սամուէլ Կարապետեան չ՚ընդունիր իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025