ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Շիշլի մարզակումբը հետեւողականօրէն կ՚ընթանայ վերելքի ճանապարհով՝ մինչ անոր նկատմամբ համակրանքը կը կամրջէ պոլսահայութիւնն ու արտասահման հաստատուած նախկին պոլսեցիները։ Շաբաթավերջին, Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ուրոյն ձեռնարկ մը, որ արտայայտութիւնն էր այս մարզակումբի պայմանաւորած սիրոյ կամուրջին։ Մոնրէալի Պոլսահայ միութիւնը նախաձեռնած էր հաւաքոյթի մը, որ համախմբեց նախկին մարզիկներն ու ընտանիքները։ Լոս Անճելըսէն եւ Նիւ Եորքէն ալ մասնակցութիւն եղաւ երեկոյթին, որու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։
Բացի Ալէն Թեքպըչաքէն, հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան ատենապետ Հապիպ Մալօ, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան պատասխատուներէն Հերման Չելիք եւ Շիշլիի հետ նոյնացած նախկին աստղերէն Մաժակ Չաքըր։
Ալէն Թեքպըչաք նախկին մարզիկներուն յանձնեց՝ շատ խորհրդանշական իրերէ բաղկացեալ յուշանուէրներու տոպրակներ, որոնց մէջ կային անոնց նախկին վկայականները, մարզաշապիկները, ակումբի փոքր դրօշներն ու կրծքանշանները։
Ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները հետեւեցան նաեւ տեսանիւթի մը, որ կը բովանդակէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի պատգամն ու ակումբի վարչայիններու ողջոյնի խօսքերը։ Նոյն ամբողջին մէջ էր Շիշլիի վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթունի տեսագրութիւնը, որ կը ցոլացնէր ակումբի հաւաքատեղիէն ներս շրջայց մը, ինչ որ արտասովոր զգացումներու դուռ բացաւ։
Երեկոյթի աւարտին բոլորը գիրկընդխառնուած էին, բոլորի բարեմաղթանքները կ՚ուղղուէին ակումբի յարատեւութեան ու վերելքին։ Այդ պատկերը, ինքնաբերաբար, կը ներառէր նաեւ վարչայիններու նկատմամբ գնահատանք եւ համակրանք։