ՊՐԻՒՔՍԷԼ ԵՒ ՓԱՐԻԶ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Փաշինեան օրուայ սկիզբին Պրիւքսէլի մէջ էր, ուրկէ անցաւ Փարիզ։ Էլիզէի պալատէն ներս իր շփումները զուգադիպեցան Ֆրանսայի Ազգային տօնի օրուան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սերտ ու հետեւողական համագործակցութիւն ծաւալել Փարիզի եւ Պրիւքսէլի հետ՝ մանաւանդ արժեւորելով տարածաշրջանի իրավիճակը։

Փաշինեան-Քոստա-Ֆոն տէր Լէյէն հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ հաղորդագրութիւն մը, ուր ընդգծուեցաւ, որ անոնք ողջունած են ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան նոր օրակարգի նախագծին շուրջ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ «Կլոպալ դարպասներ» ռազմավարութեան շրջանակներէն ներս, ԵՄ-ի ներդրումները Հայաստանէ ներս պիտի հասցուի 2,5 միլիոն եւրոյի մակարդակին՝ խթանելով ներառական աճն ու կապակցուածութիւնը։ ԵՄ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան, որ միտուած է տարածաշրջանային կապակցուածութեան եւ հաշտեցման։ Եւրոպական կողմը մատնանշեց Հայաստանի շարունակական ջանքերը՝ միտուած Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան խթանման՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն շարունակական ներգրուածութիւնը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ քայլերը։ Առաջնորդները նաեւ ընդգծեցին Հայաստանը ԵՄ-ի տարածաշրջանային ու տնտեսական նախաձեռնութիւններուն ներգրաւելու հնարաւորութեան կարեւորութիւնը՝ մասնաւորապէս Սեւ ծովու ռազմավարութեան շրջանակներէն ներս։

Անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը առանձնայատուկ տեղ գտաւ քննարկումներուն մէջ։ Առաջնորդները ողջունեցին ԵՄ-Հայաստան անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհրդակցութիւններու սկիզբը՝ ընդգծելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ ժողովրդավարական դիմակայութեան նկատմամբ իրենց համատեղ յանձնառութիւնը։ Անդրադառնալով նոյն ոլորտի շարք մը մտահոգութիւններուն՝ ԵՄ առաջարկեց համագործակցիլ Հայաստանի հետ՝ գնահատելով անոր կարիքները, որոշելու համագործակցութեան առաջնահերթ ոլորտները եւ կիրառելու առկայ միջոցները։

ԵՄ-ի առաջնորդները ողջունեցին, որ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը։

Պրիւքսէլի մէջ, Փաշինեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսսի եւ Պելժիոյ վարչապետ Փարթ տը Վեւիէրի հետ։

Այս բոլորէն վերջ, Փաշինեան Մաքրոնի հետ ալ կարծիքներ փոխանակեց տարածաշրջանային նշանակութեամբ հարցերու շուրջ։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ օրուայ սկիզբին Պրիւքսէլի մէջ ունեցած շփումներուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025