ԵՊՀ-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԱՌԱՋԻՆ ՖՈՐՈՒՄԸ

Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) շրջանաւարտներու առաջին ֆորումը առիթ դարձաւ՝ Հայաստանի զարգացման ապահովման վերաբերեալ հեռանկարներու քննարկման։ Վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ ԵՊՀ կը շարունակէ մնալ գիտելիքի ստեղծման, պահպանման եւ փոխանցման ամենակարեւոր հարթակը Հայաստանի մէջ։

ԵՊՀ-ի շրջանաւարտներու առաջին ֆորումը, որ ունէր երկօրեայ ծրագիր մը, հնարաւորութիւն ընձեռեց բազմակողմանի քննարկումներու։ Երէկ, ֆորումի բացման փուլին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննէսեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկօրեայ ֆորումի նպատակն է համալսարանական համայնքի համար հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան հարթակի ստեղծումը։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ֆորումի բացման յայտնեց, որ ԵՊՀ տարիներ շարունակ եղած է ու կը մնայ հայկական գիտական ու մտաւոր ներուժի առանցքային յենասիւներէն մին։ Ան համոզուած է, թէ ֆորումը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ վերարժեւորելու համար համալսարանական կապերը, ամրապնդելու համար շրջանաւարտներու համախմբուածութիւնը եւ ստեղծելու միասնական գիտակրթական հարթակ մը, որ ընդունակ կ՚ըլլայ արձանագրելու ժամանակի պահանջներուն եւ երկրի կարիքներուն։

Իր կարգին, Յովհաննէս Յովհաննէսեան շեշտեց, որ շրջանաւարտներու առաջին ֆորումին կազմակերպումը պատմական իրադարձութիւն մը կը համարուի համալսարանին տեսակէտէ։ «Սա շփման, համագործակցութեան, համատեղ պատասխանատուութեան նոր հարթակ մըն է։ Այս միջոցառման նպատակն է նաեւ ձեւաւորել ճանապարհ մը, որով մենք պէտք է շարժինք յառաջ։ Այսօր համալսարանը առաւել քան երբեւէ ունի շրջանաւարտներու ուժեղ միաւորուած համայնքի կարիքը», ըսաւ վերատեսուչը։ Ուստի, ֆորումին կազմակերպումը կը նշանակէ նոր գործընթացի մը սկիզբը։

Երկօրեայ ծրագրի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան զանազան ասուլիսներ, բանախօսութիւններ՝ մինչ մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան անպաշտօն պայմաններու ներքեւ իրարու հետ շփուելու։ Կը ծրագրուի, որ երկօրեայ հաւաքի ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրներու եւ ձեւաւորուած օրակարգի հիման վրայ ճշդուին զանազան առաջնահերթութիւններ՝ շրջանաւարտներու համայնքի ապագայ գործունէութեան կազմակերպման համար։ Ֆորումի արդիւնքները կ՚ամփոփուին ոլորտային քննարկումներու եզրակացութիւններու ներկայացմամբ։ Կը նախատեսուի, որ ԵՊՀ-ի կարգ մը շրջանաւարտներուն շնորհուին գերազանցութեան մրցանակներ։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025