ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԷՊԻ ՏԱՒՈՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Զուիցերիա պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Յունուարի 20-24-ին նախատեսուած է Տաւոսի այս տարուան հաւաքը, որու շրջանակներէն ներս Փաշինեան կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի այս տարուան մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոտ տէր Լէյէն, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Պուչիչ, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոյց, Չինաստանի փոխ-վարչապետ Տին Սիւեսիան եւ աշխարհի այլ երկիրներէ կամ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ։

Փաշինեան Տաւոս մեկնելէ առաջ հարցազրոյցի մը մէջ շեշտեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ըմբռնման տեսանելի հիմք մը ձեւաւորուած է։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025