ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԷԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՐԴ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը էական նշանակութիւն ունի՝ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ կողմնորոշուելու առումով։
Մինչ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան արձագանգները կը շարունակուին, Արարատ Միրզոյեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ այս նիւթին վերաբերեալ գրառումով մը հանդէս եկաւ։ Իր խօսքով՝ ստորագրուած փաստաթուղթը կը ծառայէ՝ որպէս երկու երկիրներու միջեւ խորացող յարաբերութիւններու վկայութիւն եւ ընդհանուր ձեռքբերումներով լի ապագայի ճանապարհային քարտէս։
«Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները այն աստիճան հասունցած են, որ անոնց վերափոխումը դէպի ռազմավարական գործընկերութիւն ո՛չ միայն տեղին է, այլեւ էական՝ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մէջ կողմնորոշուելու համար», նշեց ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութեամբ։ Ան տեղեկացուց, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուած կանոնադրութիւնը կը դնէ սկիզբը յանձնաժողովի մը։ Ըստ բանբերին՝ սա այն ձեւաչափն է, որու շրջանակներէն ներս կողմերը պիտի աշխատին կանոնադրութեամբ ամրագրուած նպատակներու կեանքի կոչման, այնտեղ յիշատակուած ոլորտային ուղղութիւններով համագործակցութեան հարցերու քննարկման, համակարգման նպատակով։