ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՏԱԳՆԱՊԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԱԳՆԻՍԱՑՈՒՑԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Իսթանպուլի մէջ, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով երէկ կազմակերպուած բանակցութիւններու արդիւնքով գերիներու փոխանակման որոշում մը առնուեցաւ։ Թէեւ ակնկալուած հրադադարի ուղղութեամբ առայժմ շօշափելի նորութիւն մը չէ արձանագրուած, սակայն, երկար ժամանակէ ի վեր ընդհատուած հակամարտ կողմերու շփումին վերակենդանացումը ինքնին յուսադրիչ կը համարուի եւ միջազգային օրակարգին վրայ նոր խմորումներու դուռ կը բանայ։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած հանդիպումները ո՛չ միայն ի մի բերին հակամարտ կողմերը, այլեւ համախմբեցին Արեւմուտքի յառաջատար ներկայացուցիչները, որոնք կը խրախուսեն հաշտութիւնը։ Սա եւս անանտեսելի էր Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի՝ մանաւանդ Եւրոպայի միջեւ ստեղծուած անհաղորդ վիճակին առումով։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ գլխաւորուած Թուրքիոյ պատուիրակութեան ներկայութեամբ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի համալիրէն ներս բանակցութիւններ վարեցին Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւնները։ Ուքրանական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր արտաքին գործոց նախարար Անտրի Սիպիհա։ Ռուսական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Քրեմլինի յատուկ ներկայացուցիչ Վլատիմիր Մետինսքի։ Թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն։

Բաց աստի, նոյնպէս երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ուքրայնա ձեւաչափով եռակողմանի հանդիպում մը։ Հաքան Ֆիտանի եւ Անտրի Սիպիհայի հետ, այս բանակցութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ։

Ի լրումն այս բոլորին, Մարքօ Ռուպիօ Իսթանպուլի մէջ մէկտեղուեցաւ Եւրոպայի յառաջատար երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին իրադրութեան շուրջ։ Այսպէս, Ռուպիօ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի, Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեփուլի, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաժանիի, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։

Շաբաթ, Մայիս 17, 2025