ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայկական ֆութպոլի երկու առասպելները՝ Եուրա Մովսիսեան եւ Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։ Անոնք մօտաւոր անցեալին միասնաբար մաս կազմած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։ Իրենց խաղարկութեան շրջանը հայկական ընտրանիին տեսակէտէ գրեթէ յաջողագոյնը կը նկատուի անկախութեան շրջանին։

Իտալական «Ինթէր» խումբին հետ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կ՚ընթանայ ՖԻՖԱ-ի Աշխարհի ակումբային առաջնութիւնը։ Հենրիխ Մխիթարեան «Ինթէր»ի կազմի առանցքային խաղացողներէն է։

Եուրա Մովսիսեան ընկերային ցանցերու վրայ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ ունեցած հանդիպումէն հրապարակած է լուսանկար մը՝ հետեւեալ ամփոփ գրառումով. «Հրաշալի էր տեսնել Հենրիխ Մխիթարեանը Լոս Անճելըսի մէջ»։

Երկու աստղերու միասնական դրուագը լայն տարածում գտած է հայկական լրահոսին վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025