ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ
Միջազգային օրակարգը կը շարունակէ ողողուած մնալ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Միջազգային հարթութեան վրայ համատարած մտահոգութիւն յառաջացած է՝ մինչ պատերազմի կասեցման ուղղեալ ջանքերը անընդհատ կը շարունակուին համաշխարհային դերակատարներու միջոցաւ։
Այս ամբողջին մէջ Թուրքիոյ ջանքերը առանձնապէս ուշագրաւ են։ Անգարայի դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, ըստ որոշ վերլուծաբաններու, այս պահու դրութեամբ մեծ յոյս կը ներշնչեն։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Իսրայէլ կը վտանգէ իր ապագան։ Վերջին օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներէն վերջ, Էրտողան երէկ ալ կապ հաստատեց Իրանի եւ Ռուսաստանի պաշտօնակիցներուն՝ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, Թրամփ նշած է, որ իր օդանաւը պատրաստ է եւ կրնայ Թուրքիա գալ՝ եթէ պայմանները գոյանան։ Էրտողան կը ձգտի Թուրքիոյ մէջ մէկտեղել ԱՄՆ-ի եւ Իրանի ղեկավարները։ Ուաշինկթընի ակնկալութիւնն է, որ Թեհրան հիւլէակայաններու հարցին շուրջ վերջնական խոստում մը տայ։ Թրքական դիւանագիտութեան այս ջանքերը կը գործադրուին այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր Իրան բաւական խոցելի վիճակի մը մատնուած է՝ օդային պաշտպանութեան համակարգին փուլ գալուն հետեւանքով։ Այդ երկիրը թէեւ կարգ մը հրթիռներու հաւանական օգտագործման բերումով ունի որոշ խաղաքարտեր, սակայն, դաշտի վրայ ստեղծուած կացութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Արդարեւ, Իսթանպուլ գալու պատրաստակամութիւնով հանդերձ, Թրամփ երէկ խօսեցաւ նաեւ Թեհրանի բնակչութեան հաւանական տարհանման մասին։
Առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ, Թեհրանի ղեկավարութիւնը կապ կը պահէ նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հայաստան արդէն դատապարտած է Իրանի վրայ Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումը։ Ճէյհուն Պայրամովն ալ նշած է, որ Ատրպէյճան թոյլ պիտի չտայ իր օդային մարզի օգտագործումը Իրանի վրայ յարձակման համար։
Միւս կողմէ, Արաղչի երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։