ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԲԱՆԱԿԸ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑ ՍՈՒՐԻԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութիւնը կը մնայ առկայ։ Տարածաշրջանէն միշտ արիւնալի դրուագներ կը ցոլանան, ինչ որ միշտ պատճառ կը դառնայ խոր մտահոգութեան։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմի հրադադարով ստեղծուած յարաբերական լաւատեսութիւնը այժմ դարձեալ իր տեղը թողած է խոր անհանգստութեան։ Արդարեւ, Կազզէի դէմ յարձակումները սաստկացնելու զուգահեռ՝ Իսրայէլ շարժման անցած է նաեւ միւս հարեւաններուն դէմ։ Երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանը թիրախին կը պահէ Իսրայէլ, որ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեց նաեւ Սուրիոյ դէմ։ Այսպէս, երէկ յարձակման ենթարկուեցաւ Դամասկոսը, ուր Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախարարութեան շէնքերը ռմբակոծուեցան անօդաչուներով։

Սուրիոյ հարաւի Սիւէյա քաղաքին մէջ շաբաթավերջէն ի վեր զգալի է լարուածութիւն։ Այստեղ տիւրզիները կը կազմեն բնակչութեան 90 տոկոսը։ Արիւնալի բախումներ ծագած են տիւրզիներու եւ պետեւի ցեղախումբերու միջեւ։ Իսրայէլ այս դէպքերը պատրուակած է եւ տիւրզիներու կոչին ընդառաջ՝ յարձակման անցած է Սուրիոյ դէմ։ Իսրայէլ ռազմական գործողութիւնները կը պատճառաբանէ, թէ Սուրիոյ բանակը կը յարձակի տիւրզիներու վրայ։

Անգարա շատ խիստ հակազդեցութեամբ հանդէս եկաւ այս վերջին յարձակումներուն դէմ։ Թուրքիա համոզուած է, թէ Իսրայէլի յարձակումը խափանարարութիւն մըն է Սուրիոյ կայունութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին առջեւ կը գտնուի պատմական հնարաւորութիւն մը՝ անդորրութեան մէջ ապրելու եւ աշխարհի հետ համարկման համար։ Ուստի, այդ հնարաւորութեան արժեւորման կողմնակից բոլոր դերակատարները պէտք է նպաստեն Սուրիոյ ղեկավարութեան՝ խաղաղութեան վերահաստատման ուղղեալ ջանքերուն։

Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ հարուածներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՖԻՏԱՆ

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կասեցնէ Իսրայէլը։ Արդարեւ, Իսրայէլ չ՚ուզեր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս կազմակերպուած հրատապ ժողովի մը ընթացքին նախարարը ընդգծեց, որ աշխարհ հերթական անգամ ականատես կը դառնայ համակեդրոնացման ճամբարներու։ «Իսրայէլ ո՛չ միայն Պաղեստինի, այլեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ կը ջանայ կեանքի կոչել յարձակման ռազմավարութիւնը», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025