ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ ԵՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հնչած վերջնագրերու մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստան թափ տուաւ Ուքրայնայի դէմ յարձակումներուն։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ տարակարծութիւնները կը շարունակուին հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ՝ մինչ Քիեւի ղեկավարութիւնը կը ջանայ զօրակցութիւն ապահովել այս մթնոլորտին մէջ։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախընթաց օր յայտնած էր, որ պատերազմը պէտք է յիսուն օրուայ ընթացքին դադրի, այլապէս նոր պատժամիջոցներ կրնան սահմանուիլ Ռուսաստանի դէմ։ Իսկ Ռուսաստան երէկ չորս հարիւր անօդաչուով հերթական անգամ գրոհեց Ուքրայնայի վրայ՝ թիրախաւորելով Խարկիւի, Օտեսայի եւ Վինիցայի նման քաղաքներ։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, թէ յարգանքով կ՚ընկալեն՝ պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ Սպիտակ տան ջանքերը։ Ան յիշեցուց, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ բանակցութիւններու երկու փուլ տեղի ունեցած է Իսթանպուլի մէջ։ Բանբերը կոչ ուղղեց, որպէսզի ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ շահագրգիռ բոլոր կողմերը Ուքրայնան համոզեն բանակցութիւններու երրորդ փուլի համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025