ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեմուտէն սկսեալ կարգ մը խորհրդանշական քայլեր պիտի առնուին՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։

Երէկ, Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ 16-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ։ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս «Միլլէթ» սրահի երդիքին տակ նախագահը խօսք ուղղեց դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն։

Ելոյթին մէջ Էրտողան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասը տարիներէ ի վեր կարօտ էր խաղաղութեան, իսկ այսօր պատմական շրջանէ մը կ՚անցնի։ «Ատրպէյճան եւ Հայաստան աւելի քան երբեք մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու։ Այս գործընթացին զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեան մէջ, մենք ալ յառաջ կը տանինք Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացները։ Առաջ Աստուած, յաջորդ տարեմուտէն սկսեալ կարգ մը խորհրդանշական քայլեր պիտի առնենք», ըսաւ ան։

Ելոյթին մէջ նախագահը առանձնապէս անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ ընդգծելով, որ Թուրքիա յատուկ յարաբերութիւններ ունի այդ երկու երկիրներուն հետ։ Անգարայի նախաձեռնութեամբ՝ Մոսկուա եւ Քիեւ երեք անգամ բանակցութիւններ վարած են Իսթանպուլի մէջ։ Թրքական կողմէ ցարդ Սեւ ծովու հացահատիկի նախաձեռնութեամբ եւ գերիներու փոխանակումով յառաջատարը եղած է՝ մարդասիրական գետնի վրայ շօշափելի արդիւնքներու ապահովման։ «Մոնթրէօյի համաձայնագիրը նախանձախնդրօրէն գործադրելով՝ արգելք հանդիսացանք պատերազմի Սեւ ծովն ալ ընդգրկելուն», ըսաւ Էրտողան։ Յամենայնդէպս, վերջին շրջանին հակամարտ կողմերու փոխադարձ յարձակումները լուրջ սպառնալիքի վերածուած են՝ նաւագնացութեան անվտանգութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, նախագահի խօսքով՝ Թուրքիա յստակօրէն կը զգուշացնէ երկու կողմերը։

Ելոյթին ժամանակ Էրտողան յայտնեց, որ մեծ պետութիւն մը ըլլալ կ՚ենթադրէ իր քաղաքացիին տէր կանգնիլ՝ ուր որ ալ ապրի։ Այսօր աշխարհի աւելի քան 190 երկրի մէջ գոյութիւն ունի թրքական սփիւռք մը, որու թիւը կը կազմէ 7 միլիոն։ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ այդ թուրքերը լուրջ վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուին՝ իսլամատեացութեան ու օտարատեացութեան հետեւանքով։

Ի լրումն այս բոլորին, նախագահը ընդգծեց, որ Թուրքիա ներկայիս համաշխարհային մակարդակով 11-րդ հորիզոնը կը զբաղեցնէ՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրանքի արտահանման ցուցանիշներով։ Այս ուղղութեամբ երկիրը տակաւ կը ձգտի յաւակնոտ նպատակներու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2025