ՎԵՆԵՏԻԿԻ Ս. ՂԱԶԱՐ ԿՂԶԻԻՆ ՄԷՋ, ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը հիւրընկալեց յոբելենական եզակի հանդիսութիւն մը, որ ձօնուած էր հայ բանաստեղծութեան անմոռանալի հսկաներէն Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ՝ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։

Գիտական խորքով ասուլիս մը կազմակերպուած էր՝ Աւետիք Իսահակեանի վերյիշման եւ ժառանգութեան արժեւորման համար։ Նիստը վարեց Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան, որ Ս. Ղազարի վանահայրն է։ Ատենախօսներն էին վերոյիշեալ տուն-թանգարանի աշխատակիցներէն Ցօղիկ Նազարեան եւ Աննա Սարոյեան, որոնք հանդէս եկան շահեկան զեկուցումներով։ Ցօղիկ Նազարեան անդրադարձաւ մեծանուն գրողի եւ Մխիթարեան միաբանութեան յարաբերութեան։ Աննա Սարոյեանի ելոյթը խորագրուած էր՝ «Վենետիկի հայ փրոֆեսէօրը»։

Զեկուցումներու ընդմէջէն բիւրեղացան մեծանուն գրողի կեանքի վառ դրուագները։ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան շեշտեց, որ Աւետիք Իսահակեան բազմիցս եղած է Վենետիկի մէջ, ուր ապրած է 1921-26 թուականներուն։ Ան սերտ բարեկամութիւն մշակած է այդ շրջանի Մխիթարեան հայրերուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, ներկաներուն առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Աւետիք Իսահակեանի եւ Եղիշէ Չարենցի հանդիպումը Վենետիկի մէջ, ուր անոնք միասին ամիս մը գտնուած էին 1925 թուականին։ Անոնք ամէն օր միասնաբար շրջած են Վենետիկի մէջ. քաղաք, որ իսկապէս կախարդական է իր անկրկնելի հրապոյրով։ Չարենցի հետ եղած է իր 15-ամեայ որդին՝ Վիգէնը։ Վենետիկցիները արդէն աննկատ չեն թողած Աւետիք Իսահակեանը, որ իր վառ անհատականութեամբ բոլորի ուշադրութիւնը գրաւած է եւ սկսած է կոչուիլ «Վենետիկի հայ փրոֆեսէօր»։

Ս. Ղազար կղզիի ձեռնարկին ժամանակ ներկաները դիտեցին նաեւ տուն-թանգարանին կողմէ պատրաստուած «Վարպետը» ֆիլմը։ Միեւնոյն ժամանակ, «Սրապեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցան Իսահակեանի կամ անոր թոռան մակագրութեամբ գիրքեր եւ բացիկներ, որոնք ի պահ դրուած են վանքի գրադարանին կամ արխիւներուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2025