Չորեքշաբթի 18, Փետրուար 2026
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԴԷՄ ԴԱՏԱՎՃԻՌ
Ատրպէյճանի դատական իշխանութիւնները վճիռ արձակեցին Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ, որ երկար ժամանակէ ի վեր Պաքուի մէջ բանտարկուած է եւ կը պահուի՝ որպէս պատանդ գործնականօրէն։ Պաքուի ձեւական եւ թատերականացուած դատավարութիւններէն վերջ, Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութենէն բազմաթիւ անձերու պարագային արձակուած էին վճիռներ։ Այդ ժամանակ հաղորդուած էր, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործը առանձին քննարկման ենթակայ է, ուստի, վճիռն ալ որոշ յապաղումով մը արձակուեցաւ։ Այսպէս, Ռուբէն Վարդանեան քսան տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուբէն Վարդանեանի շահերու պաշտպանութեան հետամուտ իրաւաբաններու խումբը տեղեկացուց, որ այս դատավճիռը անհիմն ու ապօրինի է։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026