ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՇՓՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ուրբաթ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ պատմական նշանակութիւն կը վերագրուի երկու ղեկավարներու այս ժամադրութեան, որու նախօրէին Պաքուէն միշտ կ՚արծարծուի «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցը։ Բաց աստի, Իսրայէլ-Իրան պատերազմն ալ տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ նոր իրավիճակ մը ստեղծած է։

Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ երկիրը պատրաստ է Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան զանազան հետեւանքներով պայմանաւորուած բեմագրութիւններուն։ Ռուբէն Ռուբինեան, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գծով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Իրանի ռազմական գործողութիւնները սպառնալիք են ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան դէմ։ Երբ հարեւան երկրի մէջ կան ռազմական գործողութիւններ, սա արդէն ինքնին սպառնալիք մըն է տարածաշրջանի կայունութեան դէմ։ Այդ սպառնալիքէն կրնան բխիլ զանազան բեմագրութիւններ։ Ես պիտի չխօսիմ անոնց մասին, որովհետեւ իմաստ չունի, սակայն, կառավարութիւնը պատրաստ է զանազան բեմագրութիւններու»։

Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ վերջին օրերուն վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման գործընթացը կ՚ընթանայ ճիշդ ուղղութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ միայն խաղաղութիւնը կրնայ ապահովել յուսալի անվտանգութիւն մը։ Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Երեւան Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները խզելու խնդիր մը չունի։

Իր կարգին, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ նշեց, որ Երեւան խտացեալ աշխատանք կը տանի՝ Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման համար։ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ Հայաստան սպառնալիքներուն արձագանգելու հիմնական միջոցը կը համարէ՝ յառաջ մղել խաղաղութեան օրակարգը։

Փաշինեանի այցելութեան ընդառաջ Արմէն Գրիգորեան յայտնեց նաեւ, որ յառաջընթաց կը նկատուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Ի լրումն այս բոլորին, ան նշեց, որ Պաքու տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ Երեւանի առաջարկներուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025