ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷՆ ՄԻՇՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՔԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Թուրքիա անվերապահօրէն դիրք կը գրաւէ Սուրիոյ կողքին, որ կ՚ենթարկուի Իսրայէլի յարձակումներուն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Անգարա-Դամասկոս առանցքը բանուկ է ամենաբարձր մակարդակի շփումներով։
Երէկ պահ մը Իսրայէլի այս գործողութիւններու կասեցման ուղղութեամբ յոյս ծագած էր, սակայն, այդ սպասումները անմիջապէս ի դերեւ մնացին. Իսրայէլ վերստին թիրախաւորեց Սուրիան՝ ներառեալ Դամասկոսը։
Նախագահ Էրտողան Շարայի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ անընդունելի են Իսրայէլի յարձակումները Սուրիոյ դէմ։ Իր խօսքով՝ Սուրիոյ յարձակողականութիւնը կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանին եւ Թուրքիա պիտի շարունակէ Սուրիոյ ժողովուրդի կողքին մնալ՝ ինչպէս ըրած էր ցարդ։
Իր կարգին՝ Ահմէտ Շարա շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ զօրակցութեան համար՝ ի նպաստ Սուրիոյ քաղաքական միութեան պահպանման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։
Բացի այս հեռախօսազրոյցէն նախագահ Էրտողան երէկ կառավարութեան ժողովէն վերջ ալ յայտարարութիւններ ըրաւ այս մասին։ «Սուրիոյ մասնատման ինչպէս երէկ չյօժարեցանք, այնպէս ալ վաղը բացարձակապէս պիտի չյօժարինք», ըսաւ ան։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախագահը աւելցուց. «Անոնք, որոնք Իսրայէլի պարանով հոր կ՚իջնեն, վաղ թէ ուշ պիտի հասկնան, թէ հաշուարկի շատ մեծ սխալ մը կը գործեն»։ Իր խօսքով՝ Իսրայէլ աչքերը շլացած ահաբեկչական պետութիւն մըն է, որ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ, որպէսզի տարածաշրջանը տանի քաոսի եւ զայն վերածէ արեան ծովու։ Էրտողան յիշեցուց, որ 7 հոկտեմբեր 2023 թուականէն ի վեր Կազզէի մէջ 58 հազար պաղեստինցի նահատակուած է։ Բացի Պաղեստինէն, Իսրայէլ կը յարձակի Լիբանանի, Եմէնի եւ Իրանի վրայ, ուր անմեղները կը սպաննէ եւ բնակավայրեր կը ռմբակոծէ։ Ի լրումն այս բոլորին, տիւրզիները պատրուակելով Իսրայէլ յարձակումները ընդլայնած է նաեւ դէպի Սուրիա։ «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն մըն է, որ իրաւունք ու կանոն չի ճանչնար, անսկզբունք ու շփացած է։ Այժմու փուլին մեր տարածաշրջանի մեծագոյն խնդիրն է Իսրայէլի յարձակողականութիւնը», ըսաւ ան։
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ պատկան բոլոր մարմինները շփման մէջ են Սուրիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։