Կիրակի 19, Հոկտեմբեր 2025
ԱՆԳԱՐԱ-ՊԵՐԼԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները կ՚ընթանան թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման որոնումներով եւ թէ Եւրոմիութեան վերաբերեալ ծալքերով։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը՝ Եոհան Տաւիտ Ուատեփուլը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ շօշափուեցան պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառին վերաբերեալ նիւթեր՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Գերմանիոյ կողմէ հաստատուած սահմանափակումներու չնչման ուղղեալ քայլերը։ Նախարարները փոխըմբռնման հասան, որպէսզի քայլեր առնուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու պարագային Շենկենի գօտի մուտքին համար վիզաները ազատականացուի։
Յառաջիկային նախատեսուած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի Թուրքիա այցելութիւնը։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025