ԲՈՒՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐԸ
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս յայտարարած է, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ խառնաձեւ (հիպրիտ) սպառնալիքներու դէմ պայքարելու համար:
«Անոնք խնդրած են այնպիսի օգնութիւն՝ ինչպիսին մենք տրամադրեցինք Մոլտովային՝ չարամիտ ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար», ըսած է Քալաս:
Ըստ Քալասի, Եւրոմիութիւնը 15 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանի խաղաղութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ տեղեկատուական դաշտին մէջ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:
Այս յայտարարութիւնը ուղղակի ծալքերը կը բանայ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող մեծ քաղաքականութեան եւ ներքին-արտաքին գետիններու վրայ առնուած քայլերու շարժառիթներուն վրայ լուսարձակներ կը բանայ:
Նա՛խ, երբ հայկական պաշտօնական լրատուամիջոցը նման լրատուութիւն մը կը հրապարակէ՝ առանց որեւէ վերապահութիւն հաղորդելու նիւթին, ապա սա կը նշանակէ, որ հայկական կողմէն դիմումը հարցականի տակ չէ: Այս մասին պաշտօնական դիրքերէ եւս արձագանգ չէ կատարուած:
Եւ եթէ այդպէս է, ուրեմն, պէտք է փորձել վերլուծել այս յայտարարութեան առաջադրանքները: Նախ եւ առաջ կայ ընտրապայքար՝ Եւրոպայէն աջակցութիւն սպասող կողմին եւ երկրին դէմ խառնաձեւ պատերազմ յայտարարած միաւորին միջեւ. այլ խօսքով՝ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան:
Կողմերուն հասցէականութիւնը պարզ կը դառնայ, որովհետեւ կը տրուի Մոլտովայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինակը: Իսկ այստեղ արդէն այնքան բացայայտ կը դառնայ ըսուածը, որ Քալաս «չարամիտ ազդեցութիւն» ձեւակերպումը կ՚օգտագործէ: Ակնկալուած օժանդակութիւնը Մոլտովայի համար Եւրոպայի տրամադրած աջակցութիւններն են:
Այս բոլորին յետագիծը տեսանելի է: Ըստ այս տրամաբանութեան՝ ընդդիմադիր դաշտին դէմ կատարուող բռնաճնշումները՝ Սամուէլ Կարապետեանէն մինչեւ սրբազաններ եւ քաղաքական հայեացքներու համար բանտարկուածներ, անցնելով եկեղեցւոյ դէմ կիրարկուող արշաւէն, պէտք է ընկալել նախապատրաստութիւն 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս բոլորը ո՛չ միայն եւրոպական կառոյցներուն կողմէ չեն նկատուիր մարդու իրաւունքներու, տեսակէտի, արտայայտութեան ազատութեան դէմ ճնշումներ, այլեւ կ՚ողջունուին այս ձեւով: Ասոնք կը նկատուին «չարամիտ ազդեցութեան» դէմ պայքարի միջոցներ, որոնք ստացած են եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ պիտի ստանան Եւրոպայի օժանդակութիւնը: Քալաս յիշած է նիւթական աջակցութեան մէկ չափաբաժինը՝ անուղղակիօրէն ըսելու համար, որ որքան սաստկանան ռուսական ազդեցութեան դէմ Երեւանի քայլերը, այնքան կը բազմանան նաեւ ելմտական օժանդակութիւնները:
Այս շրջածիրին մէջ աւելորդ պիտի չըլլայ յիշել, որ Երեւան յառաջիկայ մայիսի 5-ին պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն առաջին գագաթաժողովը՝ ներառեալ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան ղեկավարներ, առաջին դէմքեր, ԵՄ-ի խորհուրդի եւ յանձնաժողովի նախագահները:
Անկախ գագաթաժողովը Երեւանի մէջ կազմակերպելէ, յատկանշական է թուականը՝ մայիսի 5, այսինքն ուղիղ ամիս մը առաջ յունիսի ընտրութիւններէն: Այն օժանդակութիւնը, որուն համար դիմած էր Երեւան, կը ստանայ նաեւ գագաթաժողովի ճամբով:
Այս հանգամանքները կը բացայայտեն Երեւանի քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական իրադարձութիւններու շարժառիթներու առանցքները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի